ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԶՈՀ
Հալէպի կարգ մը շրջաններ շաբաթավերջին դարձեալ ենթարկուեցան հրթիռակոծումներու։ Քաղաքապետարանի շէնքին հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու հայեր՝ Կարօ Մկրտիչեան եւ Հայաստանեայց Կեանքի խօսք եկեղեցւոյ առաքեալ Եդուարդ Պետրոսեան։
Ահմէտ Սեւէրի վերջին օրերու ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն եկաւ աւելնալ նաեւ Հայաստանի նիւթը:
Դառն կսկիծով վերահասու դարձանք, թէ երէկ իրիկուն Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արփիկ Միսաքեան։ Հայ Սփիւռքի խորհրդանշական կերպարներէն մէկն էր Արփիկ Միսաքեան, որ տասնամեակներ շարունակ անխոնջ աշխատաւոր մը որպէս հրատարակած էր իր հօր՝ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ իրեն ժառանգուած «Յառաջ» օրաթերթը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդական, Երեւանի մէջ կայանալիք ֆրանսախօսութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովի կայացման նախապատրաստական յանձնաժողովի նախագահ դեսպան Ժաք Պիլոտոյի գլխաւորութեամբ։
Պատմութեան հիմնարկը հրատարակեց ուշագրաւ հատոր մը՝ «Ցեղասպանութեան խնդիրը. հայերն ու թուրքերը Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին» խորագրով, զոր պատրաստած է Գրիգոր Սիւնի, Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք եւ Նորման Նայմարք։