ՎԱՏԻՆ ԱԼ ՎԱՏԸ… ՍՊԱՍՈՒՄ
Հալէպի շղթայազերծման վտանգը ներկայիս դարձած է սուրիահայութեան հիմնական մտահոգութեան առարկան:
Ներկայիս Լաթաքիան կը համարուի յարաբերաբար աւելի անվտանգ շրջան մը, շատեր արդէն մեկնած են այնտեղ, սակայն գլխաւոր հարցականներէն մին հետեւեալն է. ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ ընդդիմադիրները սկսին արշաւել դէպի ծովեզերք: