Լրահոս

ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՅԺՄ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԴԱՏԱՎՃՌԻՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տի ար­դիւն­քին շուրջ սպա­սու­մը կը շա­րու­նա­կուի։ Սի­սի եր­բեմ­նի մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­կան հա­մա­լի­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­դար­ձի պա­հան­ջով բա­ցուած է այս դա­տը եւ ըստ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ նա­խա­պէս կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ ար­դէն դա­տավճ­ռի ար­ձակ­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած ժամ­կէ­տը հա­սած է։

ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր ու տնօ­րէն Ե­րուանդ Զօ­րեան այս Եր­կու­շաբ­թի միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Իս­թան­պուլ։

«ՆԱԽԱՊԷՍ Ո՛ՒՐ ԷԻՔ…»

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա մտադիր չէ իր զինուորները դուրս բերելու Իրաքէն:
Հաքան Ֆիտան եւ դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան Պաղտատի ղեկավարութեան  հետ: Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի հարցին շուրջ համաձայնութեան հասած են Անգարայի հետ

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Վիեն­նա­յի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Աւս­տրիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պաս­թիան Քուր­ցի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով նա­խա­րար­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին բարձր մա­կար­դա­կով փո­խա­դարձ յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ընդգ­ծե­ցին, թէ ա­նոնք նոր լիցք կը հա­ղոր­դեն զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։

ԵԿԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Կարէն Միրզոյեան Արցախի անկախութեան տարեդարձին առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մէջ:
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը եւս:

ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի նոր ա­ւագ մար­զիչ նշա­նա­կուե­ցաւ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեան եւ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­պա­տաս­խան պայ­մա­նա­գի­րը։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ

Մեսուտ Պարզանի. «Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը չի փափաքիր հարեւան դառնալ ԻՇԻՊ-ի հետ»։
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելեն Պաղտատ։
Միջազգային յառաջատար դերակատարները խտացեալ ձեւով շփում կը պահեն Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԹԷՔԷԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՊԱՐԶՈՒԵԼՈՒՆ

Սու­րիա­հայ Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քին ո­դի­սա­կա­նը այս օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ ձե­ւով կը զբա­ղեց­նէ հայ­կա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիոյ վրա­յով լաս­տա­նա­ւով մը Յու­նաս­տան հաս­նիլ կը փոր­ձէին Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը։

Էջեր