Լրահոս

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ՎԵՐՋ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ, ո­րուն հրա­ւէ­րով կա­յա­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։

… ԵՒ ՀՐԱՍԱՅԼՈՎ

Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը հասնի խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու:
Հայկական զօրքերը կը զսպեն յարձակումները:
Կարէն Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ճէյմս Ուորլիքի հետ:

 

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ԳԷՈՐԳ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հայ­կա­կան գի­տա­կան աշ­խար­հը ե­րէկ ու­նե­ցաւ ծանր կո­րուստ մը։ Ոչ եւս է ա­կա­դե­մի­կոս Գէորգ Բրու­տեան, որ մա­հա­ցաւ 89 տա­րե­կա­ն հա­սա­կին։ Ան փի­լի­սո­փա­յա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ մըն էր։

ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ՝ TIME-Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆՁԸ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ 2015 թուա­կա­նի տա­րուան ան­ձը հռչա­կուե­ցաւ TIME ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր հան­դէ­սի խմբագ­րու­թեան կող­մէ։ Ար­դէն թեկ­նա­ծու­նե­րու բա­ւա­կան կարճ ցու­ցակ մը կազ­մուած էր այս տա­րուան հա­մար եւ ար­դիւն­քին 61-ա­մեայ Ան­կե­լա Մեր­քէլ նուա­ճեց այդ կո­չու­մը։

ՄԵՂԱԴՐԱԿԱՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ե­րէկ ի վեր­ջոյ հաս­տա­տեց այն մե­ղադ­րա­կա­նը, որ նա­խա­պէս եր­կու ան­գամ վե­րա­դար­ձուած էր։ Դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ պատ­րաս­տուած այս ամ­բաս­տա­նա­գի­րը կը վե­րա­բե­րի հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան

ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ՝ ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ

Անգարա-Մոսկուա լարուածութիւնը կ՚անդրադառնայ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն վրայ:
Ռուսաստան կ՚աշխուժանայ Իրաք-Սուրիա առանցքին վրայ:
Թուրքիա կը ջանայ աշխարհին ցոյց տալ Քրեմլինի բուն նպատակները: Վարչապետ Տավուտօղլու այսօր կը հիւրընկալէ Մեսուտ Պարզանին: Խոցուած ռուսական ռազմաօդանաւուն սեւ արկղը յանձնուեցաւ Վլատիմիր Փութինին:

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԱՐԻՆԱ ԹԷՔԷԵԱՆ ՉՈՐՍ ԺԱՄ ԼՈՂԱԼԷ ՎԵՐՋ ՓՐԿՈՒԵԼՈՎ ՀԱՍԱԾ Է ԻԶՄԻՐ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Հա­լէ­պա­հայ Ա­րի­նա Թէ­քէեան (19 տա­րե­կան) չորս ժամ լո­ղա­լէ ետք փրկուած ու հա­սած է Իզ­միր: Այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցանք մեր աղ­բիւ­րէն:

ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԻՄՔ

«Որքան որ հին է Եւրոպայի քաղաքակրթութիւնը, այնքան եւ հին են անոր հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կապերը»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համոզմամբ, նոր էջ մը կը բացուի Երեւան-Պրիւքսէլ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մէջ:

ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած հա­մա­լիր հե­տա­խու­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Ար­մա­ւի­րի մար­զի բնա­կիչ Գա­րիկ Խա­չի­կի Մա­րու­քեան (1977)։ Վե­րո­յի­շեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­պա­հո­վուած տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ 4 Դեկ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին ձեր­բա­կա­լուած է երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն Գա­րիկ Մա­րու­քեան, որ ե­ղած է պա­հես­տա­զօ­րի գնդա­պետ։

Էջեր