ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ…
Ռուսաստան աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպում կը կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով ուշադրութիւնը կը լարուի Սէն Փեթերսպուրկի վրայ:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է ձգտի ստեղծել ընդհանուր տնտեսական գօտի մը՝ Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոսթոք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մերքէլ այս մասին խօսեցաւ «Գերմանական ընտանեկան ընկերութիւններու օրը» խորագրեալ խորհրդաժողովին ընթացքին։
Եւրոպական երիտասարդական ֆորումի խորհուրդի անդամները վերջին օրերուն Երեւանի մէջ իրականացուցին իրենց հերթական հաւաքը։ Այս շրջագծով անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս կառոյցը Եւրոպայէ ներս երիտասարդական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան մեծ հարթակ մըն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։