ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ
Լիբանանի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին:
Լիբանանի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ասդին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ զարգացում իր անմիջական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Այս խօսքը իրաւացի է, որովհետեւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդոցի երկունքին մէջ նոյնպէս Ղարաբաղը իր կարեւորագոյն տեղը ունեցաւ երկրին մէջ հասունցած անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան գաղափարները բարձրաձայնելու համար:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կ՚ապրի արդար հպարտութիւն մը:
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը քաղաքէս հրաժեշտ առաւ՝ անմոռանալի ելոյթէն վերջ:
«Երոտեսիլ 2016»ի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Իվեթա Մուկուչեան։ Վաղը ան պիտի մեկնի Սթոքհոլմ, ուր նախատեսուած է այս տարուան մրցոյթը։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Գիտութեան եւ փորձագիտութիւններու մերձացում» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցած բացման նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արդիւնաբերութեան մէջ գիտական լուծումները կիրառելու գործընթացէն ներս առկայ բացերուն եւ անոնց միջեւ կամուրջներ ստեղծելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգի Սքոթստէյլ քաղաքին մէջ խումբ մը վանտալներ կոտրեցին հայկական խաչքար մը, որ կը գտնուէր շրջանի Սուրբ Աբգար եկեղեցւոյ անմիջական շրջափակէն ներս։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ պատանդը դարձած է իր առանձին անդամներու արկածախնդրային քաղաքականութեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը չի հակադրեր Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնն (ԵԱՀԿ) ու համարկման միւս գործընթացները։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտարարեց, որ կը ծրագրէ յաջորդ ամիս հանդիպիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Հայաստանը Եւրոպական թանգարանային ֆորումի (European museum forum) տարեկան մրցանակաբաշխութեան ներկայացուցած է Կոմիտասի թանգարան-կաճառը: