ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ 14 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որու ներկայ փուլը կեդրոնացած է Էլ Պապը ձեռք անցընելու նպատակին վրայ։ Բանակը երէկ այս գործողութեան շրջագծով տուաւ ծանր կորուստներ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի տնօրէնութեան որոշմամբ՝ Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար նշանակուած է բեմադիր, թատերագիր Վիգէն Չալտրանեան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
Թուրքիա կ՚ապրի ենթակառուցուածքային հերթական վիթխարի ծրագիր մը կեանքի կոչած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Աթէնք, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի կողմէ։
Հայաստանի Մարզական լրագրողներու դաշնակցութիւնը ընտրեց 2016 թուականի լաւագոյն մարզիկը։ Այդ կոչումը շնորհուեցաւ ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանին։ Հարկ է նշել, որ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան արդէն երրորդ անգամ կ՚ընտրուի Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կանգ առաւ ուժանիւթի ոլորտի խնդիրներուն վրայ: