Պուլկարական «Փլամք» Ամսագիրը՝ Նուիրուած Հայ Գրողներու
Պուլկարիոյ «Փեն» ակումբի եւ Պուլկար գրողներու միութեան «Փլամք» ամսագիրը, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, իր աշնանային հրատարակութիւնը ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութեան՝ Մաշտոցէն եւ Նարեկացիէն մինչեւ մեր օրերը: