ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՍԱՄԱԹԻԱՑԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ անցեալ շաբաթ Ֆլորիայի մէջ տիկնանց ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի նպաստ դպրոցին։ «Տէվէլի» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 250 հոգի։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան եւ պսակի արարողութիւն։ Խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ տերսիմցի տասներկու պատանիներու եւ չափահասներու Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ընթացքին։ Մկրտութեան յաջորդեց անոնց շարքին երկու զոյգերու Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս յաջողութիւններ արձանագրեցին միջվարժարանային մրցոյթներու մէջ։