Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ՝ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակին ձօնուած՝ մանկանց նկարչութեան մրցոյթ մը, որ չորրորդը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին։



Կեդրոնական վարժարանի յարակից խանէն նոր յարկաբաժին մը կցուեցաւ կրթօճախին։ 250 քառակուսի մեթր ընդարձակութեամբ տարածքը վարժարանին նուիրաբերած է Ճանէլ ընտանիքը։



