ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱԼԷԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ոգեւոր շրջան մը կ՚ապրի իրերայաջորդ ձեռնարկներով։ Այսպէս, շաբաթավերջին, Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պալէի ներկայացումներու եւ դաշնակի նուագներու ձեռնարկ մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ալէֆ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է արժէքաւոր լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի գիրքը, որ կը կոչուի «Հայեր»։ Նուրան Աքքայայի «Հայեր»ը արդիւնքն է շուրջ եօթ տարուան բազմակողմանի աշխատանքի մը։