ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը ամրան եղանակի սկիզբին առթիւ աջակցութիւն ցոյց կու տայ մեր համայնքին:
Մուրատ Հազինետարի տնօրինութեամբ բարեկարգման ծրագրեր կ՚իրականացուին Պատրիարքարանի ամարանոցէն, Կազդուրման կայանէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս՝ յառաջիկայ ամիսներու եռուզեռին պատրաստ ըլլալու առաջադրութեամբ:
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան հաւաքատեղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը շաբաթավերջին արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գուրթուլուշի մէջ շէնքի մը մուտքին հաստատուած է միութեան նոր հաւաքատեղին, որու պաշտօնական բացման ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Տարեվերջեան խանդավառութիւնը տիրեց նաեւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, առաջին դասարանի փոքրիկները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեցին Ընթերցման տօնը։