ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մատրան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանն ու երէցկինը։ Անոնք իրենց նորածինին հետ եկած էին Պատրիարքարան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «Իսթանպուլ» նիւթով լուսանկարչութեան մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի ի յիշատակ հաստատուած այս միջվարժարանային նախաձեռնութիւնը հերթական անգամ փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց հրէից խախամապետարանը։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեվայի կողմէ, որուն թրքահայ համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց՝ հրէից Պասեքի տօնին առթիւ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Ապրիլի 24-ին, հայոց սրբադասեալ նահատակներուն համար մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սահակ Սարգսեանը, որ շատ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան անդամներն ու սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ եւ Լուսաւորիչ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ վերջին ամիսներուն առողջական խնդիրներ դիմագրաւած էր։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ակամայ բացակայած էր նաեւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութենէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ հիւրընկալեց Փարիզի արուարձաններէն Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արէտ Թահմիզեանը։ Ծանօթ է, որ անցեալ Ծաղկազարդին Լուսաւորիչ երգչախումբը Առնուվիլի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարած էր։