ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ԳԱՂԹԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արցախի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբին ուղեկցութեամբ իրականացնելու սկսած է Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ընտանիքներու տեղափոխում:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արցախի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբին ուղեկցութեամբ իրականացնելու սկսած է Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ընտանիքներու տեղափոխում:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ստեղծագործականութեան եւ հոգեկան խանգարումներու միջեւ կապը լաւ հաստատուած է, բայց նաեւ խստօրէն գերագնահատուած է լրատուամիջոցներու, յատկապէս Հոլիւուտի միջոցով: Իրականութեան մէջ, երբ սովորական մարդ մը մտածէ գեղարուեստական եւ գիտական տաղանդի օրինակներու մասին, անոնք ամենայն հաւանականութեամբ կ՚ընտրեն այնպիսիներ, որոնք լիովին չեն ներկայացներ ստեղծագործական եւ հանճարեղ յատկանիշներով մէկը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայելի վարուց» կամ «Մեծ հայելի» միջնադարեան զրոյցներու ժողովածոն թերեւս Աստուածաշունչէն յետոյ ամենէն շատ հռչակուած եւ տարածուած գիրքերէն մէկն է՝ իր բարոյախրատական իմաստով եւ հոգեւոր պատուէրներով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 14.3-17:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 10.18-11.10:
Մարկոսի Աւետարանէն 10.1-12:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մահը գոյութեան կեդրոնն է՝ որպէս մարդկային ճակատագրի ամենամեծ հանելուկը, որ աւելի կը բարդանայ, երբ կը փորձուի լուծել զայն: Մահուան մասին խօսիլը, փիլիսոփայական թէ կրօնական համատեսքով, կը նմանի անորոշութեան շրջանակին, մթութեան մէջ խօսելուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր Հայաստանի անկախութեան տօնն է՝ մեր ամենանուիրական տօներէն մէկը, որ հերթական անգամ կը դիմաւորենք տագնապներով եւ ցաւերով համակուած: Անկախութեան արդիւնքին ձեռք բերուած մեր պետականութիւնը այսօր իր լաւագոյն օրերը չէ, որ կ՚ապրի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր կը լրանայ հայ մեծանուն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար, մանկավարժ, հայ դասական սիրերգի ստեղծող, Հայաստանի Պետական երաժշտանոցի առաջին տնօրէն Ռոմանոս Մելիքեանի 140-ամեակը: Մեծ եղած է անոր դերը մեր երաժշտութեան, երաժշտագիտութեան, խմբավարական արուեստի, երաժշտական կրթական ասպարէզի ստեղծման գործին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Որոշ զարգացումէն յետոյ հասարակութիւններուն անհրաժեշտ է կարգ ու կանոն։ Սա ընթացք մըն է, որով կ՚ապահովուի ընկերային գործունէութիւնը նուիրապետական համակարգի շրջանակներէն ներս, ուր կ՚որոշուին իշխողներն ու կառավարուողները եւ կը փորձուի կանխել այն քաոսը, որ կը յառաջանայ հասարակութեան մէջ անհատներու թիւի աճով: Ժան-Ժաք Ռուսոյի խօսքով՝ երբ մարդիկ հեռացան «բնութեան վիճակէն», այլ խօսքով՝ կարգ ու կանոն ու սեփականութիւն գոյութիւն չունեցած ու մարդու բոլոր կարիքներու բնութեան կողմէ բաւարարուած ժամանակէն, անոնք յարմարեցան սեփականութեան հայեցակարգին եւ այսպէսով յառաջացան ընկերային խաւեր, պահանջուեցաւ նոր համակարգ մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայկական սինեմա» երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթը լոյս տեսած է 1925-1926-ին՝ Գահիրէի մէջ։ Արտօնատէր-հրատարակողը եղած է մեծանուն հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխան, խմբագիրները՝ Վարդան Չաքարեան, Երուանդ Օտեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տաղաւար տօներէն հինգերորդը՝ Խաչվերացը, Սուրբ Խաչի տօնը:
Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ փունջ մը Աստուածաշնչական համարներ եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու գրութիւններէն հատուածներ՝ նուիրուած Սուրբ Խաչին: