ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԱՆՁՆԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷ ԵՒ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵՆԷ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԵԼՈՒ ԱՌԻԹ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարի մը եւս անցաւ, երթալ տեղաւորուելու համար պատմութեան էջերուն մէջ եւ իր տեղը ձգելով նոր տարուան մը:
Շուրջ մէկ տասնամեակ առաջ աշխարհով մէկ տարբեր էին տրամադրութիւնները, տարբեր էին սպասումները նոր տարուան շեմին, այսօր՝ ամբողջութեամբ տարբեր են: