ՏԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածեմ գիտնալու եւ չգիտնալու մասին։ Երկընտրանքներու համակարգի վրայ կառուցուած աշխարհի հակասութիւններէն մին ալ գիտնալն ու չգիտնալն է։ Իմ կարծիքով, պատմութիւնը գետի մը նման անցեալէն մինչեւ այսօր իր հետ բերած է որոշ գիտելիքներ։