Ընկերա-մշակութային

ՄԻ՛ ԾԵՐԱՆԱՔ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Բոլորին մօտ ալ այսպէս կրնայ պատահիլ: Այնքան զարմանալի, նոյնքան իրական:
Այսպէս, առաւօտ մը երբ կ՚արթննաս ու կը կարծես որ սանկ դուն-քեզ «լաւ» չես զգար: Սովորականէն տարբեր: 

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՈՍԿԵԴԱՐԸ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԱՏՈԼՈՒԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Զրոյցներ» շարքի հերթական թողարկումը սփռուեցաւ: Նիւթը երաժշտական էր, բայց նաեւ՝ պատմական: Խորագիրը՝ «Արա Տինքճեանը՝ հայ-ամերիկեան նուագախմբային երաժշտութեան ոսկեդարի մասին»:

ԿԸ ՔԱԼԵՄ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ երեկոն, տարիներու հեռաւորութենէն ե՛ւ կարօտով, ե՛ւ լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Որոշած էի ծննդավայրիս փողոցներով անցնիլ: Քալել: Միայն քալել:

​ՄՇՏԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ -Ա-

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Ի՞նչ է կեանքին իմաստը». այս հարցումը մարդոց կողմէ կրնայ այլազան կերպերով ընկալուիլ, բայց այս կէտին կը ծագին նաեւ այլ հարցումներ. «ի՞նչ է կեանքին ծագումը», «ի՞նչ է տիեզերքի եւ կեանքին բնոյթը», «կեանքը ինչպէ՞ս աւելի արժէքաւոր կը դառնայ», «ո՞րն է մարդու կեանքին նպատակը»։

ՅՈՎՍԷՓ ՓՈՒՇՄԱՆ (1877-1966)

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յովսէփ Փուշման, նշանաւոր հայ գեղանկարիչ: Ծնած է 9 մայիս 1877-ին, Սիլվան, Տիգրանակերտ: 1896-ականներու դէպքերուն հետեւանքով, ընտանիքով հեռացած են հայրենի հողէն ու ապաստան գտած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ԱՆՏԵՍԵԼ ՓԱԿՈՒԱԾ ԴՌՆԵՐԸ ԵՒ ՏԵՍՆԵԼ ԲԱՑՈՒԱԾՆԵՐԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Եթէ դուռ մը կը փակուի, մէկ այլ կը բացուի», ըսած է Կրահամ Պել։ Բազում գիտնականներ կամ ձեռներէցներ, իրենց առջեւ փակուած դռներու շնորհիւ անդրադարձած են իրենց սխալներուն եւ զանոնք ուղղելով հասած են յաջողութեան։

«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄՈՒՄ»

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
(ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ)
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի երկրորդ հատորը՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. Ղարադաղ. Հայկական յուշարձանների հետքերով», որ լոյս տեսած է 2021-ին, Թաւրիզ: Գիրքը լաթակազմ է, բաղկացած՝ 618 էջերէ:

ԼՈՒՍԱԲԵՐԸ

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ինչո՞ւ էր այդքան խիստ իր դէմքը, որ մենք կը վախնայինք նոյնիսկ իր տան դրան առջեւէն անցնելու։ Ամենէն «քաջը մեր մէջ, ինչպէս վարժ էինք ըսելու, գաղտնի մը պիտի նայէր կամարին տակէն, որ վստահ ըլլայինք, որ «Ծուռ երես Լուսաբեր»ը իր սենեակն էր վերջնականապէս, որովհետեւ վերջին անգամ ժամը հինգին կ՚երթար սենեակէն քսան քայլ անդին իր փայտեայ խոհանոցը, ընթրիքը կը բերէր ու կը փակուէր իր քանի մը մեթրանոց սենեակին մէջ։

Էջեր