Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պոսթընի Մէջ
Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society), Պոսթընի Արդի նուագախմբային ծրագրին (Boston Modern Orchestra Project) պիտի ներկայացնէ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 18-ին, կէսօրէն ետք ժամը 3-ին, Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոցի («New Enland Conservatory») հանրածանօթ «Ճորտըն Հոլ» սրահին մէջ:


Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ INALCO-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ խորհրդաժողով մը՝ Փարիզի մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աշնան շրջանին Երեւանի մշակութային կեանքի աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ տեսակաւոր ծրագրերով։ Նախընթաց օր սկսաւ «Երեւանի ճազի փառատօնը»։ Հայկական ճազի ընկերակցութեան կողմէ կը կազմակերպուի այս փառատօնը, որուն շրջագծով այս տարի կ՚ապրուի աննախընթաց ոգեւորութիւն՝ այս երաժշտութեան ճիւղին հետզհետէ աւելի մօտիկ ընդունելութիւն գտնելուն զուգահեռ։
12 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Եղիշէ Թադէոսեանի (1870-1936), որ խորապէս արտայայտչական իր տպաւորապաշտ կտաւներով՝ ինքնուրոյն դէմք մը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան մէջ։