«ԳԱԶԱՆԸ ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ» ՀԱՏՈՐԸ՝ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ
Ամերիկացի թատերագիր եւ մանկավարժ Ռիչըրտ Քալինոսքիի կենսագրութեան մէջ շրջադարձ մը կը մատնանշէ «Գազանը լուսնի վրայ» թատերախաղը, զոր ան սկսած է գրել 1991-ին։ Այս ստեղծագործութիւնը անմիջապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է համաշխարհային հանրութեան կողմէ, բեմադրուած բազմաթիւ անգամներ եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու։