ՇՆՉՈՂ ԲԵԿՈՐՆԵՐ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջերս համացանցի լրատուամիջոցները ողողուած են Գանատա ժամանող սուրիացի գաղթականներու լուրերով, լուսանկարներով և տեսանիւթերով: Պատերազմական արհաւիրքներու, անմարդկային ոճիրներու ոչ միայն ականատեսներն են անոնք, այլ իւրաքանչիւր Գանատա կամ այլուր հասնող սուրիացի ընտանիք կամ անհատ, բացի նիւթական կորուստներէն հոգեկան անջնջելի խոր դրոշմներ կը կրէ, որոնք յառաջացած են անմոռանալի հոգեկան կորուստներէ, նոյնինքն ընտանիքի անդամներու կամ ալ ընտանիքին մօտ պարագաներէն ոմանց:
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրեալ այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ համանուն գիրքը, որ եւս նոր հրատարակուած է նոյն նիւթերով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեանի 150-ամեակի յոբելեանին։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ կ՚իրականանայ այս ցուցահանդէսը, որու բացումը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ