«ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՈՐ ՄԵՐ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՏՈՂ ԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՏԵՂԵԿԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ԵՒ ԱՅԴ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՐՆԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ, ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՃՇՄԱՐԻՏ
Հայ իրականութեան մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ առհասարակ՝ հայութեան մէջ, այսօր կայ շատ քիչ հաստատութիւն, որ մէկ դարէ աւելի պատմութիւն ունի: Եւ այս հանգամանքը ինքնին կը խօսի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի ունեցած արժէքին մասին: Պոլսահայութեան հպարտութեան առիթներէն մին՝ Կեդրոնական վարժարանը միայն մէկ տարի չէ ունեցած շրջանաւարտ՝ 1916 թուականին: Շատ տխուր փաստ մըն է վարժարանի պատմութեան մէջ: