ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿԻ ԶՈՒԱՐՃԱՆՔԸ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անբացատրելի խանդաղատանք կը տիրէր սեբաստացի Սեբաստեաններուն գերդաստանէն ներս։
Կիրակի օր մը՝ յետմիջօրէին բոլոր ընտանիքը՝ մեծ ու պզտիկ, ահել ջահել ժամադրուեցան նոյն հասցէի երդիքին տակ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անբացատրելի խանդաղատանք կը տիրէր սեբաստացի Սեբաստեաններուն գերդաստանէն ներս։
Կիրակի օր մը՝ յետմիջօրէին բոլոր ընտանիքը՝ մեծ ու պզտիկ, ահել ջահել ժամադրուեցան նոյն հասցէի երդիքին տակ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կաղանդի եռուզեռ կայ Հայաստանի մէջ: Հանրախանութները սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած են ուտելիքներով, Կաղանդին առընչուող իրերով: Խանութներուն մէջ շարժելու տեղ չկայ՝ ամէն տեղ դրուած են զովացուցիչներու, ալքոլի, չիր ու չամիչի, տուրմերու արկղեր:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն արեւմտեան աշխարհի երկիրներուն մէջ կարգ մը մտածումներ արտայայտուեցան, նաեւ՝ Հայաստան, որոնք այսօր կրնան նորութիւն եւ յառաջդիմութիւն համարուիլ՝ ազգային ինքնութիւններուն համատեղ ապրելու մասին, միասին ապրիլ, ֆրանսերէնով սովորութիւն է ըսել՝ vivre ensemble: Չի խօսուիր ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու արմատական փոփոխութիւններու մասին:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած, բացի Միածինէն, որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան. եւ Որդին էր որ մեզի ճանչցուց զայն» (Յհ 1.18)։
Քրիստոսաւանդ ուսուցումները, Քրիստոսի բերնէն արտաբերուած բարոյախօս քարոզխօսութիւնները կը միտին կորուսեալ մարդու կեանքը ամբողջապէս փոխակերպել՝ զայն հեռու պահելու կորստաբեր ճանապարհներէ եւ առաջնորդելու դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Աստուածորդին միայն չխօսեցաւ, չքարոզեց, չյորդորեց, այլ խօսքի սահմանները անդրանցնելով՝ Իր խօսքը ապրեցաւ ու կեանքի կոչեց։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութեան հովանաւորութեան տակ ստեղծուած «Բարեւ» թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ։ Բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի մականին ներքեւ խումբը ներկայացուց երկու խաղ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Թայմ» պարբերականը իր անցեալի թիւերէն նիւթ մը թարմացուցած է, ուր կը խօսուի նաեւ հայազգի գրող Մայքըլ Արլէնի մասին: Խումբ մը գրողներու հետ քննութեան առնելով նաեւ Արլէնի անունը, պարբերականը կը յիշեցնէ, որ ժամանակին աշխարհահռչակ գրողը այսօր գրեթէ մոռացութեան մատնուած է:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պոլիսն ու հայը բարեկամ են հին ժամանակներէ ի վեր։ Նախկին Պոլսոյ հայկական ուրուագիծը՝ ի համեմատ ներկայիս, տասնամեակներու, դարերու յարափոփոխ ժամանակաշրջանին, գրեթէ անճանաչելիօրէն փոխուած է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագէտ, արեւելագէտ, գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Յակոբ Սիրունի (Ճոլոլեան) 1965-1969 թուականներուն «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, շարունակաբար կը ստորագրէ «Կոմիտասին հետ» խորագրով յօդուածաշարքը: Սիրունի, որ ծնած էր Ատաբազար, 1901 թուականին ընտանիքին հետ Պոլիս կը տեղափոխուի, կը յաճախէ Պոլսոյ Էսայեան վարժարան, կը շարունակէ ուսումը ու շրջանաւարտ կը դառնայ յաջորդաբար Կեդրոնական վարժարանէն՝ 1909-ին եւ Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն՝ 1913-ին։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ տարեկան աւանդական Բաժակի օրուան առթիւ։ Զանազան սերունդներէ սաներ համախմբուեցան մեծ ուրախութեամբ, նաեւ դպրոցի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներով տոգորուած։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց» (Ղկ 21.4)։
Ինքնատուչութիւն, ինքնամատոյց եւ ինքնընծայում բառերը որքա՜ն կը պատշաճին իսկատիպ քրիստոնեային ապրելակերպին ու նկարագրին, որ իր համակ կեանքն ու ողջ էութիւնը ողողած ու ջրդեղած է քրիստասաբոյր խօսքերով։ Խօսքեր, որոնք ո՛չ միայն քրիստոնէական կրօնքին հենքն ու կիզակէտը կը կազմեն, այլեւ՝ մարդկային փոխյարաբերական եւ ընկերային կեանքին մէջ փոխվստահութիւնը ամրապնդող ու փոխադարձ սէրը հիմնաւորող ազդակներ են։