ՎԵՐԱԳՏՆԵՆՔ ՄԵՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Անհրաժեշտ են որոշակի փոփոխութիւններ՝ յիշողութեան քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս։ Ունինք շուրջ երեսնամեայ ազգային պետականութիւն մը, վաղուց ժամանակն է վերաիմաստաւորել յիշողութեան օրուան խորհուրդը, ձեւափոխել զայն, իրականացնել առնուազն շեշտադրումներու փոփոխութիւն»:
Յարութիւն Մարութեան. «Տասնամեակներ շարունակ մենք շեշտած ենք, որ աշխարհը, յառաջադէմ մարդկութիւնը օգնութեան ձեռք մեկնած է հայ ժողովուրդին՝ անոր պատուհասած ողբերգութեան տարիներուն եւ աւելի վերջ: Մենք երախտապարտ ենք այդ մարդոց եւ կազմակերպութիւններուն, սրբօրէն կը պահպանենք անոնց յիշատակը։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ մենք մեզ փրկած ենք ու նոյնպէս՝ արդիւնաւէտ կերպով: Այս մասին համեմատաբար քիչ կը խօսուի»: