Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ «ՄԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱԿԱԼԸ»
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բոլորս անպայման ունինք մեր կեանքերուն անփոխարինելի հետք թողած գիրքեր, որոնք երբ նոյնիսկ քանի անգամ կարդանք, անոնք մեր մէջ միշտ առաջին անգամուայ տպաւորութիւնը, զգացումները, հետաքրքրութիւնը դարձեալ կ՚արթնցնեն։ Գրական տեսանկիւնէ «Մատանիներու տիրակալը» բացարձակապէս այն գիրքերէն է, որ կ՚առանձնանայ թէ՛ իր բովանդակութեամբ եւ թէ իւրաքանչիւր մանրամասնութեամբ։