Ընկերա-մշակութային

ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՓԼՈՒԶՈՒՄ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշխարհը կը քարանայ: Կը քարանան նաեւ մարդոց սրտերը: Ազատութեան քօղի տակ կը կորսնցնենք մեր իրական ազատութիւնը: Ջերմութիւնը կը փոխարինենք սառնութեամբ ու անտարբերութեամբ: Խորասուզուած համացանցի մէջ, կը կորսնցնենք ապրելու վայելքը:

ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆԻ «ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1891 թուականին Պոլսոյ մէջ մահկանացուն կը կնքէ պոլսահայ անմահ մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեան: Անոր մահը կը սգան Պոլսոյ մէջ, կը սգան Ռուսաստանի եւ Կովկասի մէջ եւ բոլոր այն տեղերը, ուր ան խաղացած էր տաղանդաւոր իր խաղը, ուր ճանչցուած էր իբրեւ արուեստագէտ:

ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ԴԵՐԸ (Բ.)

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մամուլը պատասխանատու է հասարակութիւնը առարկայականօրէն լուսաբանելու եւ իրազեկելու՝ մտահոգիչ իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ ամբողջ մարդկութեան հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներու մասին։

ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԵՒ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ «Նայիրի» հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՅԻՍՈՒՍՈՎ ՅԱՂԹԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան Սուրբգրոց ընթերցումները առնուած են Եսայի մարգարէութենէն 9.8-19. Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 1.1-11 եւ Մարկոսի Աւետարանէն 4.35-40:

ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ԴԵՐԸ (Ա)

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հասարակութեան մը ժողովրդավարացման ամենակարեւոր տարրերէն մին է անհատներու իրենց հիմնարար իրաւունքներէն ազատօրէն օգտուիլը։ Ժողովրդավարական պետութեան մը պարտականութիւնն է հասարակութեան հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները պաշտպանելն ու զարգացնելը։

«ՏԵՍՆԵԼ» ՄԱՏՆԵՐՈՎ, ԶԳԱԼ ՍԻՐՏՈՎ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տեսողութենէ զրկուած մարդոց համար գիրքը շատոնց հասանելի է: 1824-ին ստեղծուած Պրէյլի այբուբենը քանի հարիւրամեակէ ի վեր կոյր մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ մատներու շօշափումով ընթերցելու գիրքը՝ անոր վրայ կազմուած ուռուցիկ-կէտային համակարգի շնորհիւ:

ՄԱՐՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օգոստոսի 23-ին, առանց երկար-բարակ խորհելու Էտկար Ղազարեանի հրաւիրած հանդիպումի արդիւնքներու մասին, երեկոյեան ժամը 5-ին հանդերձ ընտանեօք՝ ես, իմ երկու զաւակներն ու մայրիկս շտապեցինք Հանրապետութեան հրապարակ՝ անգամ մը եւս իմ Հայաստանն ու Արցախը գրկելու, ըսելու, թէ ինչքան շատ կը սիրեմ իմ աստուածատուր հայրենիքները:

ՕԳՈՍՏՈՍ 23. ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԴԷՊԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

32 տարի առաջ այս օրը՝ 23 օգոստոս 1990 թուականին, դրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը: Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը օգոստոսի 23-ի նստաշրջանին ընթացքին ընդունեց անկախութեան մասին հռչակագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ կը կազմէ երկրին երկու հիմնարար փաստաթուղթերէն մէկը։

Էջեր