ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԱՍՏԻՃԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՉՈՐՍ ՈՒՐԱՐԱԿԻՐԻ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տարուան անդրանիկ Ս. Պատարագին նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ տարւոյն առաջին պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։
Տարեմուտի օրերուն նորոգ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան ոգեկոչուեցաւ վախճանման քառասունքին առթիւ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ամանորի կէսգիշերին տեղի ունեցաւ խորհրդանշական արարողութիւն մը, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հոգեւոր ապրումներուն տեսակէտէ յատկանշական էր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կէսգիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց Ամանորի իր պատգամը։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը հրատարակենք Վեհափառ Հայրապետի՝ աշխարհասփիւռ հօտին ուղղեալ Նոր տարւոյ պատգամը։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը տարեմուտի առթիւ համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հայրերու աւանդական հաւաքը տեղի ունեցաւ աղօթական մթնոլորտի մէջ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ