ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած տագնապը երէկուան դրութեամբ թեւակոխեց նոր հարթութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը հետեւողականօրէն բոլոր միջոցներուն կը դիմէ՝ առկայ տագնապը առանց պառակտման կասեցնելու եւ իր դէմ ոտնձգութիւններուն կուրծք տալու համար։ Հայաստանի իշխանութիւններուն եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը անհաւատալի համեմատութիւններու հասած է։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս պահու դրութեամբ կը ջանայ պաղարիւն ու հեռատես քայլերով կառավարելի հունի մը մէջ պահել ու յաղթահարել եկեղեցւոյ թիրախաւորումը։ Իշխանութիւններու արշաւը ահագնացաւ, երբ տասն եպիսկոպոս Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանեցաւ։ Ծանր իրավիճակի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմացը նստած այդ եպիսկոպոսները այժմէն արդէն անուանարկուած են պատմութեան առջեւ։ Այդ տխուր դէմքերը որոշած էին երէկ երթալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կոչ ուղղելով «միասնական ժամերգութեան» մը։ Այս նախաձեռնութիւնը գայթակղեցուցիչ մթնոլորտ մը ծնած էր՝ մանաւանդ, որ դաւաճան եպիսկոպոսները որոշած էին յայտարարութիւն մը կարդալ՝ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու պահանջով։

Ըստ երեւոյթին, կանոնականութենէ հեռացած, մոլորուած չեպիսկոպոսներու այդ տխրահռչակ խումբը կարգ մը հաշուարկներու մէջ սխալած էր։ Համայն հայութեան Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այդ դաւաճան եպիսկոպոսները երէկ առերեսուեցան ձախողման անուրանալի պատկերի մը հետ։ Հաւատացեալ ժողովուրդը ժամեր առաջ համախմբուեցաւ Միածնաէջ Մայր Տաճարին շուրջ, որ Ամենայն Հայոց Վեհաշնորհ Հայրապետին նկատմամբ հաւատարմութիւն արտայայտելու նպատակով վերածուած էր զօրակցութեան կոթողի մը։

Մայրավանքի նուիարական տարածքը ժամեր շարունակ թնդաց հազարաւորներու «Վե-հա-փառ» վանկարկումներով։ Երեկոյեան ժամերգութեան պահուն Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցական թափօրով Մայր Տաճար առաջնորդուեցաւ՝ ճեղքելով իր հաւատարիմ, աներեր ու աներկիւղ հօտի անդամները։ Երեկոյեան ժամերգութիւնը եկաւ բոլորին յիշեցնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համախմբող ձգողականութիւնը եւ անոր շնորհազարդ գահակալի օծեալ աջի անկրկնելի հզօրութիւնը։

«Մենք մէ՛կ ազգ ենք, մէ՛կ հայրենիք, մէ՛կ եկեղեցի», պատգամեց Վեհափառ Հայրապետը՝ մինչ դաւաճան չեպիսկոպոսներու տխրահռչակ խումբը մայրավանքի տարածքէն ներս հազիւ կրցաւ յայտնուիլ՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու հսկողութեան ներքեւ։ Դիմակաւոր, քաղաքացիական տարազով այդ անձերը խիստ վերաբերմունք ցոյց տուին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն դէմ։ Տխրահռչակ խումբի յայտարարութիւնը յօդս ցնդեցաւ, թէեւ այդ չեպիսկոպոսները յայտնեցին, որ Մայր Աթոռի քարտուղարութեան յանձնած են այդ մէկը։

Երէկուան իրադարձութիւնները եկան ապացուցանել, որ Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ հակադրութիւնը անհեռանկար է։ Աւելին, Վեհափառ Հայրապետի երէկուան շինիչ պատգամները կրնան նախադրեալի մը վերածուիլ այս փակուղիէն դուրս գալու համար։

Մինչ այդ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը փոփոխութիւն կատարած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) կազմին մէջ։ Դաւաճան եպիսկոպոսները քննադատած են այս Հայրապետական բարձր տնօրինութիւնը։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Վրդ. Կարապետեան յայտարարեց, որ եպիսկոպոսաց դասու անդամներուն մեծամասնութիւնը Վեհափառ Հայրապետի կողքին է։ «Իսկ անոնք, որոնք եկեղեցիէն հեռացած են, ոչինչ կրնան որոշել», ըսաւ ան։

Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ խորհրդակցութիւն մը՝ ԳՀԽ-ի անդամներու եւ ժողովի հրաւիրուած թեմակալ առաջնորդներու մասնակցութեամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2025