ՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՐՋԱՆ
2016-ի տարեմուտին եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ աւանդական ընդունելութիւն Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ որպէս նուէր ստացան նուռեր:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութիւնը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնէութիւնը հիւրընկալեց՝ Ս. Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի գլխաւորութեամբ։
Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ Ամանորի իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այսօր կէս գիշերին՝ ժամը ճիշդ 24.00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանեայց Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի գոհաբանական մաղթանք եւ տեղի կ՚ունենայ նռնօրհնէք։