Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպիրներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Եդուարդ Վարժապետեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակով, Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր։ Այս տարի Ս. Գեղարդը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար պիտի իջեցուի Նոյեմբերի 28-ին եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի ուխտաւորներուն երկրպագելու Սուրբ Նշանին եւ համբուրելու՝ հայց մատուցելու առ Աստուած, որպէսզի Տէրը հոգիի եւ մարմնի բժշկութիւն, հաւատքի ամրութիւն եւ արիութիւն շնորհէ անոնց։ Սուրբ Գեղարդը Մայր Տաճարի մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուան երեկոյեան ժամերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» տարեկան մրցոյթի 2015 թուականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան ջանքերով, որոնց կը միանայ նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը։
Գահիրէի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին նախագահելէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերադարձաւ Անթիլիաս։ Կը հաղորդուի, որ ան Գահիրէի մէջ եղբայրական հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։
