ՔՍԱՆ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններու մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։
ՀԵՀԵՄ-ի Եւրոպայի տարածքաշրջանի ընդլայնուած կազմով առաջին ներկայացուցչական ժողովը:
Երեւանի արուարձաններէն Արաբկիր թաղամասին մէջ ներկայիս կը կառուցուի նոր եկեղեցի մը, որու շինարարութեան աշխատանքները կ՚ընթանան թափով։ Մինչ այս մեծ թաղամասի հաւատացեալները կը սպասեն իրենց նորակառոյց աղօթատան բացման՝ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցան այս եկեղեցւոյ խաչերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց 2016 թուականի եկեղեցական օրացոյցները։ Պաշտօնական օրացոյցը կազմուած է Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանի կողմէ։