ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Սուրէշ Պապու Թատիփանենին։ Նկատի ունենալով, որ հնդիկ դեսպանի առաքելութեան ժամկէտը կը լրանայ, ան հրաժեշտի այցելութեան փութաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։


Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Սրբոց Վարդանանց նահատակները:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Վարդանանց տօնը։ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութիւնը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի ամենայատկանշական հանգրուաններէն մին կը համարուի։

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս երէկ գումարուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 37 անդամներէն 24-ը։
Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հրաւէրով, 31 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի օր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընդհանուր համագումար, որուն նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը։