ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող բարձրաստիճան հոգեւորականները երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթադաստիարակչական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան նախագահեց Սամաթիոյ երէկուան արարողութիւններուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւարտեցին իրենց զօրակցութեան այցելութիւնը դէպի Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժեշտ առնելով վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։