ԶԵԿՈՅՑ
Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետի դիմումին ընդառաջելով Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ հաւաքուեցաւ Համագումար Ժողով՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ առաջնորդ, ազատուելով Արթիկի թեմակալ առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօններէն։
Ցաւով տեղեկացանք, թէ այսօր իր հոգին երկնաւոր Տիրոջ ձեռքերուն յանձնած է Հայ Կաթողիկէից Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանգուցեալը 1940-ին ծնած էր Գահիրէի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացաւ ազգային բարերար, Հայաստանի Ազգային հերոս Գըրգ Գրգորեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ոգեկոչումի հանդիսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երկրի պետական աւագանին։
Ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան զոհերը վերջերս սրբադասուած էին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ եւ այս շրջագծով պատրաստուած էր նաեւ սրբանկար մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, նահատակաց այս սրբապատկերը զետեղուած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, որպէսզի հաւատացեալները բերեն իրենց խոնարհումը եւ աղօթքը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, Վեհափառ Հայրապետի յանձնարարութեամբ։