ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։ Ողջունելով վարչապետին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ ժողովուրդը յուզող առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղեալ կառավարութեան ջանքերն ու ձեռնարկուած ծրագրերը։
Առաջաւորաց պահքը սկսաւ երէկ՝ Փետրուարի 6-ին, որ կը տեւէ հինգ օր:
Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը երէկ տեղի ունեցաւ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Վախճանեալ սրբազան հօր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատելով որ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը չէր տօնախմբուած, Ս. Պատարագի մատուցմամբ թէ՛ կղզիի փոքրաթիւ ժողովուրդը եւ թէ ուխտաւորներ առիթն ունեցան ապրելու հոգեւոր ուրախութեան։
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Սուրբ Երկիր:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանը։ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անոր շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը՝ գնահատելով անոր վաստակն ու տարիներու ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Աւստրիոյ մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւոր, եպիսկոպոսաց դասու աւագ անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան։ 85 տարեկան հասակին ի Տէր հանգաւ բազմավաստակ սրբազանը, որու վախճանը մեծ կորուստ մըն է Հայ Եկեղեցւոյ համար
Վեհափառ Հայրապետը տարեմուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ: