ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Իշխան ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆսեթինկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ու հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։