ԶԵԿՈՅՑ
Այսու կը յայտնենք, թէ Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Մարտ 2017, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, գումարած ՃԼԳրդ նիստի ընթացքին, որոշած է 15 Մարտ 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքել Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար, Տեղապահի Ընտրութեան օրակարգով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ «Փիեթէր Բազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Սուրոմի Սապոլչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայիս կը նշէ իր ծննդեան 70-ամեակը։ Այս առթիւ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս յոբելեանին առթիւ շնորհաւորական մը յղեց Կիլիկեան Աթոռի գահակալին։
Փետրուարի 23-24-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան երեք եպիսկոպոսները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տեառնընդառաջի տօնը։ Քաղաքիս մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տէրունի տօնին կապակցութեամբ Մայր Տաճարի երդիքին տակ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, ձեռամբ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչ-ւի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 Փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ։ Այս տօնը Յիսուսի, տաճարին մէջ Աստուծոյ նուիրելու կամ ընծայելու տօնն է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ծայրագոյն Արեւելքի իր ներկայացուցիչը՝ Տ. Զաւէն Վրդ. Եազըճեանը։ Այս վերջինը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի ձեռամբ վերջերս Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացած էր մասնաւոր վարդապետական աստիճանի։