«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ՝ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ ջանքերով։