ՀՈԳԵՒՈՐ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ պատարագեց Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Նորին Սրբութիւնը կատարեց՝ ի նշանաւորումն իր հովուապետական այցելութեան կանգնեցուած խաչքարի բացումը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ պատարագեց Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Նորին Սրբութիւնը կատարեց՝ ի նշանաւորումն իր հովուապետական այցելութեան կանգնեցուած խաչքարի բացումը:
Դէպի Աւստրալիա հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը աւարտեց Սիտնիի շփումները եւ անցաւ Մելպուռն։ Վեհափառ Հայրապետի այս ուղեւորութեան իւրաքանչիւր փուլը մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ եւ այդ առումով կը համարուի յաջողած։
Համազգայինի «Արշակ եւ Սոֆի Քոլստըն» ճեմարանի երդիքին տակ պատմական օր:
Վեհափառ Հայրապետը աշակերտներուն նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարուած խաչեր:
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուելսի նահանգային խորհրդարանէն ներս բարձր մակարդակով արարողակարգ:
Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրալիա։ Այս ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի եւ թեմական խորհուրդի հրաւէրով։
Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերու համար ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ նորաստեղծ աշխատանքային խումբի անդամներն ալ արդէն յայտնի են։
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները արարողութեան մը մասնակցեցան Անթիլիասի մէջ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամեց. «Միութիւնը միաձեւութիւն չէ, այլեւ զանազանութեանց միջեւ ներդաշնակում է»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց խորհրդարանի նորընտիր նախագահը ու մաղթեց, որ իր պաշտօնավարումը նշանաւորուի բարի արդիւնքներով՝ երկրի օրհնեալ ու բարօր կեանքին համար։
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան անցեալ շաբաթուան մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ կուսակալ Ալի Երլիքայային։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփին, որուն կ՚ուղեկցէին ՄԱԿ-ի մասնագիտական գործակալութիւններու եւ ծրագրերու պատասխանատուները։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ նոյն հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։