Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նաթ, Տէն Շեխտ­ման, Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի եւ Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէ­նը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­կան ձեռ­նար­կին առ­թիւ։

ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ դէ­պի Ար­ցախ կա­տա­րուած զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան մը եւս։ Շու­շիի Ղա­զան­չե­ցոց Ս. Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք՝ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս կը շա­րու­նա­կուին վեր­ջերս օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած ման­կապղ­ծու­թեան գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ պնդում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ներ­քին քննու­թիւն­նե­րը։ «News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս քննու­թիւ­նը կ՚եր­կա­րի, ո­րով­հե­տեւ նոր նիւ­թեր յայտ­նա­բե­րուած են։

Ս. ՊԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՒՆԻՍԻՆ

Հռո­մէ­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ 24-26 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հրա­ւէ­րով։

Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան վե­րա­դար­ձաւ դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թե­նէն։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վին եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) կա­նո­նադ­րու­թեան մշակ­ման յանձ­նա­խում­բի ժո­ղով­նե­րուն, ո­րոնք գու­մա­րուե­ցան բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը շա­րու­նա­կէ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել Ար­ցա­խը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը կը պատ­րաս­տուին այ­ցե­լել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը շա­րու­նա­կէ Ար­ցա­խի մէջ յա­ռա­ջա­ցած ճգնա­ժա­մի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րել հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան։ Հա­մայն հա­յու­թեան մտա­հոգ սպաս­ման մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին մի­ջեւ։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ արարողութիւն՝ հազարաւորներու մասնակցութեամբ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մենք քրիստոնեայ ժողովուրդ ենք, հետեւորդ աստուածապատուէր խաղաղութեան ու համերաշխութեան, նախանձախնդիր՝ աստուածաշնորհ ազատութեան։ Ընդդէմ պարտադրուած պատերազմի՝ հայրենիքի խաղաղութիւնը, ազգի ազատ կեանքի պաշտպանութիւնը սրբազան առաքելութիւն է մեզի համար»:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­տապ ձե­ւով ար­ձա­գան­գեց Լեռ­նա­յին Ղարա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րուն։

Էջեր