ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՀԱՅՐ ԳԱՍՊԱՐ ՎՐԴ. ՊԷՅԼԷՐԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունեցած է մեծ կորուստ մը։ Հայ կաթողիկէ կղերը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի վախճանումը։ Ան ի Տէր հանգած է 89 տարեկան հասակին, քահանայագործութեան 58-րդ տարուան մէջ։