ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ
Պատրիարքարանի մէջ արդէն յարդարուած է աւանդական տօնածառը։ Մինչ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ տօնական տրամադրութիւնը աստիճանաբար կը համակէ մեր հաստատութիւններուն մթնոլորտը, Պատրիարքարանի տօնածառն ալ զարդարուեցաւ տիկնանց կազմի անդամուհիներուն կողմէ։