ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը վերստին շնորհաւորեց Պերեճիքլեանը՝ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաղթանակին առթիւ։