ՍԻՍԻ ԴԱՏԻՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները վերջին օրերուն հերթական անգամ լուսաբանութիւններով հանդէս եկան՝ Սիսի երբեմնի Սուրբ Սոֆիա մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքին վերատիրանալու նպատակով Թուրքիոյ մէջ բացուած դատի ընթացքին շուրջ։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի նախագահ Սիմոն Պապայեանի կողմէ գլխաւորուած հիւրեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Էօրնէքեան» վարժարանի 8-րդ եւ 10-րդ դասարաններէն հինգ աշակերտ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պէյրութի Իլիաս Աուտէին Մետրապոլիտը։
Կրետէի հայ համայնքը ջերմօրէն շնորհաւորեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կղզիի նոր մետրապոլիտը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Դամասկոսի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղերավար Լիւսի Իսքանեանը եւ ընկերակիցները, որոնք Երեւան այցելեցին 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն համար։
Մեծ եղեռնի 107-րդ տարելիցին Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս ոգեկոչուեցան հայոց սուրբ նահատակները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ծերակոյտի պատուիրակութիւնը։ Յորդանան-Եւրոխորհրդարան բարեկամութեան ընկերակցութեան նախագահ Խալտուն Հինայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովէն երեսփոխան Արթուր Դաւթեան, որ Յորդանանի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարն է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Աւագ դատախազ Իրակլի Շոթածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան։
Նորին Սրբութիւնը եւ Պերճ Սեդրակեան կանգ առին ազգային կառոյցներու զօրացման կարեւորութեան վրայ: