ՍԵ՞Ւ, ԹԷ ՍՊԻՏԱԿ ՊԱՏԵՐ
«Արթնցիր ով իմ փառքս
Արթնցէք ով տաւիղ ու քնար
Ես կանուխ պիտի արթննամ»
(Սաղմոս 57:8)։
Խրղըզիստանը Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մէկն է։ Ան լեռներով շրջապատուած գեղեցիկ երկիր մըն է, որ մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան համակարգին։ 1991 թուականին Խրղըզիստան ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ Սովետական Միութիւնը փուլ եկաւ։ Սա մահմետական երկիր մըն է, որ ունի փոքր թիւով քրիստոնեայ բնակչութիւն՝ երեւի 75 հազար հոգի։ Շրջապատի լեռները կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ փայլք այս երկրին։
Պիշքէք, Խրղըզիստան, Նոյեմբեր 2024
Առաջին անգամ կ՚այցելեմ Կեդրոնական Ասիա։ Ինծի համար նոր երկիր մըն է, որ չէի գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք էր ակնկալեմ։ Պիտի տեսնէի ու սորվէի այս երկրին իւրայատկութիւնները։
Խրղըզիստան ստացած էր իր անկախութիւնը, երբ դուրս եկած էր Սովետական Միութենէն։ Բայց անկախութենէն ետք երկիրը ներքին քաղաքական համերաշխութիւնն ալ այդքան հեզասահ չէ գտած։ Ունեցած է քանի մը յեղաշրջումներ, երբ ժողովուրդը ընդվզած է ղեկավար համակարգին դէմ եւ երբ կաշառակերութիւնը ու անարդարութիւնը զգլխած-անցած է ամէն արժեչափ։
Պիշքէքի կեդրոնական մասի՝ «Ալա Թու» հրապարակին վրայ զետեղուած է յուշակոթող մը, որ նուիրուած է բոլոր նահատակներուն, որոնք ըմբոստացած էին իշխանութիւններուն դէմ՝ պահանջելով արդարութիւն եւ աւելի բարոյական արժեչափերով պետութիւն։ Այս շարունակուող բողոքները՝ 2002-էն մինչեւ 2010-ը, խլած էին բաւական նահատակներ, որոնց յիշատակը յարգելու համար զետեղուած է այս յուշակոթողը։
Թէեւ բաւական դիտեցի այս յուշակոթողը, բայց, նոյնքան մտածեցի անոր միտք բանին վրայ։ Յուշակոթողը ունէր երկու զօրաւոր գոյներով պատեր՝ սեւ եւ սպիտակ։ Յուշակոթողը, որ նոյնքան արուեստի նմոյշ մըն է, կը փոխանցէ նաեւ պատգամ մը։ Հոս տեսայ, թէ մարդիկ կը հրէին սեւ քարերը եւ կը հեռացնէին ճերմակէն՝ փորձելով անջատել իրարմէ։ Սպիտակը՝ իմա բարին ու արդարը, պիտի հեռանար ու հեռացուէր սեւէն՝ իմա չարէն, անարդարէն ու մեղքէն։ Պայքար եւ մարտնջում, որպէսզի սպիտակ պատը փոխարինէ սեւը։
Արդեօք այս յուշակոթողը միայն Խրղըզիստանի՞ն յատուկ է։
Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք աշխարհի ներկայ իրավիճակին վրայ, ապա պիտի տեսնենք, թէ ինչքան շատ է սեւի ու սպիտակի պայքարը։ Աշխարհ այսօր խափանուած է սեւին ահաւոր ներկայութեան եւ ճնշումին տակ։ Աշխարհ կ՚ուզէ սպիտակը որոնել, որպէսզի մարդկային կեանքերը քիչ մը աւելի խաղաղ ըլլան, արդար ու բարեկեցիկ։
Անցեալ տարին եղաւ դժուար՝ տարբեր մակարդակներու վրայ։ Պատերազմները տարածուած են աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն։ Անարդարութիւնը դարձած է կեանքի արժեչափ եւ այդ ալ սանձարձակ։ Ատելութիւնը եւ կաշառակերութիւնը սկսած են կրծել մեր ընկերային կեանքի կարգն ու կանոնը։ Բարոյական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու անոր սկզբունքներու ոտնահարում՝ փորձելով նոր կրօնաբարոյական հիմքեր ստեղծել մարդկային մեր կեանքերու համար։ Այս բոլորը լեցուցած են տեղեկատուութեան աշխարհը եւ զօրաւոր կերպով կը «թխմուի» մեր կեանքերէն ներս՝ փորձելով հաշտեցնել այս բոլորը մարդկութեան համար ու անոր հետ՝ որպէս նոր կենցաղ։
Ո՞ւր կերթայ աշխարհը այսօր։ Երեւի Պիշքէքի յուշակոթողի ստեղծած պատկերին հակառա՞կ ուղղութիւնով։ Այսօր մարդիկ կը հրեն սպիտակը հեռուն եւ աւելիով տեղ կը բանան սեւին՝ անյայտացնելով սպիտակի ստեղծած արդարը, բարին ու ճշմարիտը։
Տարի մը եւս արդէն հասաւ իր աւարտին եւ շուտով Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօնական օրերու նախօրեակին պիտի ուզենք շնորհաւորել նորը՝ Նոր տարին ու տակաւին՝ Սուրբ Ծնունդը։
Բայց, ո՞ր նորը եւ ի՞նչ պարունակով նորը։
Սե՞ւ, թէ սպիտակ նորը։ Ո՞ր մէկը պիտի քշենք հեռու։
Դաւիթ թագաւոր՝ Աստուածաշունչի Սաղմոս գիրքի 57-րդ գլխուն մէջ կոչ կ՚ընէ «արթննալու». «Արթնցիր որ իմ փառքս» (Սաղմոս 57:8)։ Ու տակաւին ան կոչ կ՚ընէ. «Արթննալու տաւիղով ու քնարով» (Սաղմոս 57:8)։
Նուագարաններու կոչը պատկերաւոր է, որպէսզի արթննալը նաեւ արթնցնէ՝ նուագարաններու աղմուկով, մարդու միտքն ու հոգին։ Այս արթննալը ունի մէկ կարեւոր կիզակէտ, որ մարդը պիտի առաջնորդէ պաշտամունքի գիտակցութեան՝ պաշտամունքը Աստուծոյ եւ Անոր հետ։ Դաւիթ կ՚ուզէր արթննալ «կանուխ» (Սաղմոս 57:8), որպէսզի իր օրը սկսէր այդ գիտակցութեամբ։
Կան պատմական տուեալները այս Սաղմոսին։ Այս Սաղմոսը գրուած էր այն օրերուն, երբ Դաւիթ կը փորձէր փախչիլ Սաւուղ թագաւորէն, երբ այս վերջինը կ՚ուզէր զինք սպաննել։ Այս իմաստով Դաւիթ միշտ ալ վախի, սարսափի ու մտահոգութեան վիճակի մէջ էր։ Ան կը փորձէր միշտ պահուըտիլ՝ խուսափելու համար Սաւուղի սպառնալիքներէն։ Եկաւ ժամանակը, ուր Դաւիթ տեսաւ, թէ կարելի չէր այս վիճակին մէջ շարունակել ապրիլ։ Կարելի չէր մնալ վախի ու սարսափի մէջ։ Ան որոշեց այս իր դժուար կացութիւնը յաղթահարել եւ գիտակցեցաւ՝ պէտք է զգաստանար ճիշդ այդ բանը ընելու համար։ Իր կեանքի հիմքը դնել այն իրականութեան վրայ, որ պիտի տար իրեն ելքը՝ դուրս գալու համար իր փակուղիէն։ Դաւիթ արթնցաւ գիտակցութեամբ մը, թէ իր կեանքի ճամբուն համար պէտք ունէր պաշտելու զԱստուած, որ պիտի առաջնորդէր զինք դէպի կեանք։ Պաշտամունքը առ Աստուած, որ տուաւ Դաւիթին կեանքը, բայց նաեւ իւրաքանչիւրիս։
Պաշտամունքը Աստուծոյ մատուցուած յարգանք է եւ աղօթք։ Պաշտամունքը իր մէջ ունի խոր սէր եւ երկրպագութիւն։ Բայց, պաշտամունքը միայն պատարագ, ժամերգութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւն չէ։ Պաշտամունքը կեանք է, ուր քու կեանքիդ հիմը պիտի դնես Աստուծոյ գիտակցութեան վրայ եւ ընդարձակելու զայն կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Պաշտամունքի բառացի նշանակութիւնը նաեւ ուշադրութիւն է, ուր մարդու միտքն ու հոգին կը կեդրոնանան Աստուծոյ վրայ, բայց, անոր միջոցաւ նաեւ՝ ճշմարիտին, արդարին, գեղեցիկին եւ ճիշդ՝ իմա սպիտակին վրայ։ Այս նոյն ուշադրութիւնը մարդն ու հաւաքականութիւնը դուրս կը հանէ իր ճգնաժամէն, կը մղէ ձգտիլ բարիին, գեղեցիկին եւ կեանքի մէջ յառաջխաղացման, ինչ որ լաւը կը շինէ։
Եթէ պիտի ուզենք, որ նոր տարին ըլլայ նո՛ր, ապա սա կը նշանակէ, որ պարտինք արթննալ։ Արթննալ՝ որպէս անհատ, ընտանիք, հաւաքականութիւն եւ ազգ։ Պիտի արթննանք եւ մեր ուշադրութեան առանցքը պիտի դարձնենք սպիտակ պատեր շինելը եւ մեր կեանքերէն սեւը հեռացնելը։ Այս ընելու համար պարտինք մեր ուշադրութիւնը՝ իմա պաշտամունքը, կեդրոնացնել հաւատքի՛ վրայ, որ Քրիստոսով մեզի կը բերէ նո՛րը։ Սա այն նո՛րն է, որ Աստուած կը շնորհէ մեզի։
Նորին պաշտամունքը ազգային է՝ հայկական պրիսմակէն, տակաւին համազգային՝ ընդհանրական։ Ան մեզ պիտի խթանէ, որպէսզի տեսնենք բարին եւ շինենք զայն։ Այս բարին, որ վեր է ամէն հաշուարկէ, պիտի մղէ մեզ, որպէսզի սիրենք արդարը, ճշմարիտը, գեղեցիկն ու լաւը։ Այս բարին ուժ է, որ կրնայ սեւին պատերը փշրել եւ սպիտակ պատերը հիւսել։
Շնորհաւոր Նոր տարի։ Եթէ գալուստը պիտի ըլլայ բարի, ապա սա կը նշանակէ, թէ բարին պիտի կերտենք՝ անհատապէս, հաւաքաբար եւ ազգովին։ Կերտելու համար պէտք ունինք մեր ուշադրութիւնը՝ իմա պաշտամունքը, բարձրացնել Աստուծոյ. անոր, որ կատարեալ է եւ կը շնորհէ բարին։ Այս նոյն բարին է, որ պիտի կոփէ մեր կեանքերը սպիտակ պատերով. մեր կեանքերը՝ անհատական, հաւաքական եւ ազգային։
Սե՞ւ, թէ սպիտակ պատեր։ Պիշքէ՞ք, թէ այլ։ Պատասխանը նոյնն է եւ թէ ամէն տեղի համար, եթէ մեր ընտրանքը նորը շինելն է։
Նորը շինելու համար մենք պէտք ունինք սպիտա՛կ պատերու։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ