ԱՆՈՒՇԻԿԸ
Անգին հարստութիւն մըն է յիշողութիւնը եւ ես դեռ կը յիշեմ: Անթիւ պատկերներ ունիմ կախուած յիշողութեանս պատերէն եւ անոնցմէ շատ-շատը կը պատկանի ուսանողական տարիներուս:
Խումբ մը հալէպահայ երիտասարդներ էինք, որոնք տարբեր դպրոցներ աւարտելէ ետք համդիպած էինք Երեւանի մէջ: Մէկը բժիշկ պիտի ըլլար, միւսը՝ երկրաչափ, մէկը ճարտարապետ, իսկ ես՝ երաժիշտ:
Զարտուղի էի ընկերներուս խումբին մէջ (արդէն այդ օրերէն), կ՚ընդունիմ, բայց անհերքելի է նաեւ, որ որքան ալ տարբեր ըլլամ անոնցմէ կամ տարբեր ըլլանք իրարմէ, բոլորս միացնող բան մը կար. նոյն արմատները ունէինք, նոյն արեւմտահայերէնը կը խօսէինք, որ հիմա կը նկատեմ, թէ այսօրուան նոյն տարիքի ուսանողութեան հետ համեմատութեամբ՝ շատ աւելի մաքուր ու հասկնալի էր՝ հաւատացէք:
Ամէն մէկուս տարբեր դասացուցակ ու ծրագիրներ ունենալով հանդերձ, մեր ժամերը կը յարմարցնէինք ու շատ յաճախ միասին տարբեր միջոցառումներու կ՚երթայինք. թերեւս չհաւատաք. բայց թատրոն կ՚երթայինք, օրինակ: Այսօրուան չափանիշներով եթէ նայինք, զարմանալի է անկասկած. 20 տարեկան տղաք ու աղջիկներ ինքնակամ թատրոն կ՚երթա՞ն այսօր: Զրպարտած չեմ ըլլար, յուսամ, եթէ պատասխանեմ՝ դժուար…
Մենք կ՚երթայինք: Շէյքսփիրի թատրոնները չէինք ընտրեր, այո՜, բայց կ՚երթայինք: Քով-քովի կը նստէինք, կը շարուէինք՝ աւելի ճիշդ: Մէկուս չհասկցած մէկ տողը, բառը՝ «ի՞նչ ըսաւ» հարցումին ծռած ցած ձայնով կը պատասխանէինք: Խօսակցութիւնը կրնար երկարիլ, առջեւի եւ ետեւի նստողներուն կողմէ կը պախարակուէինք. չէինք ջղայնանար, չէինք նեղուեր, հակառակը՝ կը խնդայինք, աւելի կը յանդիմանուէինք, աւելի կը խնդայինք… խօսինք, խնդանք, պախարակուինք, ամչնանք, չամչնանք, ցինիկնանք, թատրոնէն դուրս ելլենք՝ մէկ էինք եւ ասանկ բան մըն էր մեր յուշերով լեցուն «երիտասարդութիւնը»:
Շատ յաճախ կրկնուող մեր ծրագիրներուն մէջ ուղղակի պտտիլ կար. «Ազատութեան» կամ «Հանրապետութեան» հրապարակներուն մէջ աննպատակ, ուղղակի քալելու համար շատ կը քալէինք, Թումանեանին կամ Սպենդիարեանին արձաններուն տակ կը նստէինք, եթէ տեղ գտնէինք. չգտնէինք՝ օփերայի քանի մը աստիճաններուն վրայ կը նստէինք, կը խօսէինք, պատմելու, յիշելու բան մը կ՚ունենար իւրաքանչիւրս… եւ հանրային տեղ մը նստած ահա մեր այս նիստերուն ընթացքին, կը յիշեմ, մեզի մարդիկ կը մօտենային, մեծահասակ կանայք, տղամարդիկ, շատ յաճախ՝ տարեցներ, բայց երբեք՝ երիտասարդներ:
«Էս ո՞րտեղից էք, երեխէք ջան», «Ձեր անունները ի՞նչ են», «Ի՞նչ էք անում էստեղ», «Էս ո՞նց էք լաւ հայերէն խօսում», «Էնտեղ… սենց լաւ հայերէն սովորում էք, հա՞»… եւ այսպիսի բազմապիսի հարցեր կու տային մեզի մեծահասակ այդ մարդիկ ու կը պատասխանէինք մենք՝ հպարտութեամբ:
Կը զարմանային անոնք, երբ կը լսէին, որ ո՛չ թէ դպրոց, այլ՝ դպրոցնե՜ր կան իրենց անուններն ալ չլսած այդ քաղաքներուն մէջ: Քիչ մը աւելի շատ հարցնողներն ու խորացողները կ՚ապշէին, որ օտար հողի վրայ, օտար միջավայր ու մշակոյթի մէջ հայերէն խօսող, հայերէն մտածող, կատակող, երգող, գրողներ, հերոսներ գիտցող երիտասարդներ կան… հասկնալի չէր ըլլար անոնց համար այս հանգոյցը. օտար հող, բնականաբար՝ օտար մարդ, բայց օտար հող, հա՞յ մարդ… ինչպէ՞ս:
Շատերը կը զգացուէին այս իրականութենէն. «Շատ լաւն էք երեխէք ջան», կ՚ըսէին ու ջարդէն մազապուրծ որբեր գտնողի պէս կը նայէին մեզի. հիմա թերեւս քիչ մը հեգնանքով կը գրեմ, բայց այդպէս չէի՞նք իրօք:
Այդպէս էինք ու ենք մինչ օրս, մինչ հիմա:
Նոյն «երեխէք»ն ենք մենք մինչեւ այսօր, այն տարբերութեամբ, որ պատմած այդ օրերէս տարիներ անց, շատ աւելի մեծ է սփիւռքահայութեան, սփիւռքահայ ուսանողութեան թիւը Հայաստանի մէջ եւ անոնք երեւի արեւելահայերէնն ալ մեզմէ լաւ կը խօսին, «տեղացիէ» մը չտարբերուելու համար, բայց՝ անօգուտ:
Դուռին (դ)ն, ջուրին (ջ)ն եւ Գրիգորին (գ)ն բաւարար են, դասական ու անփոփոխ հարցումը հնչեցնելու. «ո՞րտեղից էք»…
Տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ ապրող հալէպահայ մտերիմ ընկերուհիս ինծի շատ յաճախ կը պատմէ իր մանչին դպրոցական «ուաթսափ»ի ծնողաց խումբի գրաւոր զրոյցներուն մասին. պէտք չունիմ արձանագրելու, որ ան, հալէպահայ ընկերուհիս, միակ հայերէն ու հայատառ գրողն է այդ խումբին մէջ եւ աւելին, զրոյցներու մեծ մասի աւարտին կը ստիպուի խնդրել իր չհասկցած ռուսերէն բառերուն ու ռուսախառն լատինատառ հայերէն բառերուն իմաստը…
Գաղտնիք չէ. այսօր շատ յաճախ առցանց կը հանդիպիմ Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիներու եւ արդէն՝ Հայաստան դարձած սփիւռքահայերու, որոնք ոտք-ոտքի դրած՝ չեն վարանիր «Ասքան բան գիտես, ասքան կը մտածես, կը գրես Հայաստանի մասին, հոս եկուր ապրիր»՝ ըսելով «իսկական, գործնական ու ոչ՝ գրական հայրենասիրութեան» դասեր տալու…
Այո, Հայաստան ապրող քաղաքացիներ ու այսօր ինքնին Հայաստանի մէջ օտարութիւն զգալու ողբերգութիւնը բարձրաձայնելու քաջութիւնը չունեցող սփիւռքահայ բարեկամներ, հայրենասէրը դուք էք:
Տարիներով հայերէն տող մը աւելի սորվեցնելու համար տքնող կրթական մշակները, մինչեւ այսօր հայերէն գիրք ու թերթ շարողները, բաժնողները, տարբեր գաղութներու թատրոններուն բեմի փոշիին հոտը գիտցողները, «տեքոր» պատրաստողները, պարախումբներու հայկական տարազներ կարողները, մանուկը հայկական եկեղեցի, ակումբ ու դպրոց տանողները, այդ մանուկներուն արտասանած ոտանաւորները նկարողները, Հայաստանի մէջ չնշուած «Վարդանանց» ու «Թարգմանչաց»ը շաբաթներով տօնողը, դպրոցի հանդէսներուն 5 տարեկան մանուկներուն «Մաշտոց» ու «Վռամշապուհ» հագցնողները…
Պատերազմներուն արիւն թափող, զոհուող տղաք չեն ասոնք, այո, կ՚ընդունիմ, բայց չվերջացող ու չվերջանալիք մարտեր են վերի այս պատկերները եւ մարտնչող զինուորներ են անոնց կերտողները:
… Սփիւռքահայ ընկերոջս հետ օփերայի հրապարակին մէջ կը քալէինք. կառքի մը մէջ պառկած նորածին մանչուկ մը տեսանք, մօտեցանք: Մանչուկին մայրը ժպիտով դիմաւորեց մեր մօտենալն ու նորածինին հետ խաղալը: «Ի՜նչ անուշիկ է», ըսաւ ընկերս՝ նորածինը ակնարկելով: Կինը ջղայնացաւ, կառքը մեզմէ հեռացուց ու «Անուշիկը դո՜ւ ես», ըսաւ ընկերոջս՝ անէծք մը փոխադարձնելու երանգով:
Այդ օրը, այդ պահուն, իրարու երես նայեցանք ու չհասկցանք կնոջ զայրոյթին պատճառը մենք:
26 տարի անցած է այս դէպքէն:
Ներսի ու դուրսի հայը իրարմէ տարբերող, լեզուի, լեզուական մտածելակերպի, դարձուածքներու, հոգեբանական ու կենցաղային շատ մը տարբերութիւններու ծանօթ եմ, բայց այս դէպքէն աւելի խօսուն բան չեմ գտներ զանոնք խտացնելու համար ու մինչեւ այսօր շատ յաճախ այդ ընկերոջս հետ նմանատիպ խօսակցութիւնը նոյն խօսքով կ՚աւարտեմ.
«Անուշիկը դո՜ւ ես»:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ