ՀԵՏԱՊՆԴԵՑԷ՛Ք ԱՍՏՂԸ
Իւրաքանչիւր մեծ ձեռքբերում սկիզբ կ՚առնէ երազով մը, որ մարդու հոգիին մէջ ոգեշնչումի աղբիւր դառնալով անձը կը մղէ դէպի աւելի պայծառ ապագայ: Այդ երազները հետապնդելն է, որ երազը կը փոխէ նպատակի եւ ապա նպատակը իրականութեան: Պէտք է պարզապէս հետապնդել նպատակները հասնելու համար լոյսին եւ այս ճշմարտութեան լաւագոյն օրինակներն են երեք մոգերը, որոնք հաւատացին աստղին եւ հետապնդելով աստղը հասան իրենց նպատակին եւ նոյն աստղը ունի մեզմէ իւրաքանչիւրը, որուն հետեւելով կրնայ հասնիլ իր նպատակներուն՝ անկախ այն իրողութեան, թէ անոնք ներկայիս ինչքանով անորոշ են ու անտեսանելի:
Մոգերու աստղի հետապնդումը ապացոյցն է իրենց հաւատքի, վճռականութեան եւ պայքարի ոգիին, որովհետեւ երազները նպատակ եւ ապա զանոնք իրականութիւն դարձնելու համար մարդուն անհրաժեշտ են այս բոլորը՝ ինչ որ մոգերը ունէին. այս բոլորին լաւագոյն ձեւով մեր կեանքին մէջ տեղ տալու համար որպէս մարդ անհատներ կարիքը ունինք հետեւեալ ճշմարտութիւններուն.
Ա.- Զանազանել աստղի լոյսը միւս լոյսերէն. այսօր մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ լոյսեր՝ զանազան փայլքերով ու գրաւչութեամբ, սակայն անոնցմէ շատեր մեզ դէպի նպատակներ առաջնորդելու փոխարէն դէպի անդունդ կը տանին. մեր օրերուն շատ կարեւոր է յաջողիլ լոյսերը զանազանել. նոյնն էր պարագան գուցէ նաեւ մոգերուն. երկինքի մէջ կային բազմաթիւ աստղեր, սակայն անոնք այս աստղերուն մէջէն յաջողեցան գտնել ու կեդրոնանալ ճիշդ աստղին վրայ եւ անոր հետ առաջնորդուելով հասան դէպի յաջողութիւն, դէպի լոյս. զանազան լոյսերուն մէջէն պէտք է ունենալ իմաստութիւնը զանազանելու ժամանակաւոր լոյսը մնայուն լոյսէն, դէպի անդունդ առաջնորդողը դէպի նպատակակէտ հասցնող լոյսէն: Այսօր մեր շուրջ կեղծ լոյսեր շատ կան, սակայն, մէկն է փարոսը եւ այդ փարոսը գտնելու համար մարդ պիտի մարզէ իր կեդրոնանալու ունակութիւնը, որ իր հերթին կը կարօտի մտքի յստակութեան, որպէսզի կարենանք զանազանել շեղումները ճշմարիտ ուղղութենէն: Իրապէս կը յաջողի այն մարդը, որ ճշմարիտ փարոսը գտնելով՝ միւս լոյսերէն չի տարուբերիր: Մեր կեանքի դժբախտութիւնները ծնունդ կ՚առնեն այս լոյսերը չզանազանելէն, որովհետեւ ամէն գրաւիչ լոյս ուրախութիւն չի բերեր մարդուն:
Բ.- Պէտք է հաւատալ աստղին։ Երազներն ու նպատակները հետապնդելն ու պատահականութեան հաւատալը տարբեր բան են. աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք պատահականութեամբ կ՚ուզեն ապրիլ, իսկ ուրիշներ պատահականութենէն խուսափելով իրենց ճշմարիտ լոյսին ճամբան կ՚ուզեն բռնել. այս մէկը ընելու համար մարդ մեծ հաւատք ու վստահութիւն պիտի ունենայ իր ընտրած լոյսին՝ այնպէս, ինչպէս ըրին մոգերը: Անցողիկ ցանկութիւններն ու փառասիրութիւնը երազներուն եւ կամ նպատակներուն մաս չեն կազմեր, որովհետեւ այն ինչ որ անցողիկ ու ժամանակաւոր է, երազ ու նպատակ չի կրնար դառնալ. նման աստղերու հաւատալն ու հետեւիլը տեղ մը անպայման մարդը կը հասցնէ յուսահատութեան. աստղին հաւատալը մարդէն վճռականութիւն կը պահանջէ. գուցէ շատեր ծաղրեցին մոգերը, որոնք աստղի մը ետեւէն երթալով կ՚ուզէին լոյսին հասնիլ։ Վստահաբար, շատեր կասկածեցան, սակայն, մոգերու յաջողութեան բանալին եղաւ այն, որ անոնք մի՛շտ հաւատացին իրենց աստղին եւ այս պարագային իրենց երազներուն ու նպատակներուն։ Անոնք լոյսը չտեսած վստահեցան, որ այդ աստղը զիրենք դէպի լոյսը տանող ուղեցոյց մըն է. աստղին հանդէպ անհաւատ վերաբերմունք մը արդէն իսկ լոյսի ճամբան կորսնցնելու համազօր է. իրականութեան մէջ աստղը մի՛շտ հոն է. մարդ ինք պիտի գտնէ ու հաւատայ աստղին եւ պիտի չսպասէ, որ աստղը զինք գտնէ:
Գ.- Պէտք չէ յոգնիլ. մոգերը սկիզբը երբ ճամբայ դուրս եկան չէին գիտեր իրենց ճամբան եւ նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ ինչքան հեռու կրնայ տանիլ այդ աստղը. սակայն, վճռակամութեամբ որոշեցին չյոգնիլ. այսօր այդ պակասը ունի մեր մարդկութիւնը: Այսօր կը տեսնենք բազմաթիւ անձեր, որոնք կը յաջողին ճիշդ ճամբան գտնել, սակայն, ճամբու կէսին յոգնելով կը ձգեն իրենց աստղը հետապնդել եւ այդպիսով երբեք չեն յաջողիր: Պէտք է ունենալով մոգերու վճռակամ ուժը եւ առանց յոգնելու, առանց ձանձրանալու եւ ճամբուն անորոշութենէն տարուելու հետապնդել աստղերը: Մոգերը անսասան հաւատք ու վստահութիւն ունէին իրենց աստղին նկատմամբ եւ իրենց չյանձնուող տեսակն է, որ զիրենք հասցուց դէպի լոյս:
Մոգերու այս պարզ պատմութենէն այսօր մեծ դասեր ունի գաղելիք մարդկութիւնը։ Աստուած չընտրեց մոգերը, որպէսզի հասնին լոյսին. այլ մոգերը իրենք ընտրեցին աստղը, որպէսզի հասնին լոյսին։ Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ մարդ ի՛նք իր կամքով կրնայ հասնիլ իր լոյսին՝ այս պարագային իր երազներուն ու նպատակներուն։ Մոգերուն նման բազմաթի՜ւ անձեր կ՚ուզէին ըլլալ այդ աստղի ճամբան գտնողները, սակայն, միայն երեքը յաջողեցան: Մեր մարդկային կեանքի մէջ ալ շատեր կը պայքարին եւ քիչեր կը յաջողին. գուցէ շատեր այս մէկը բախտի վերագրեն, սակայն, մոգերը կու գան սորվեցնելու, որ մարդ իր բախտը ի՛նք կը ստեղծէ, հետապնդելով ճիշդ աստղը, որ զինք պիտի հասցնէ դէպի նպատակ:
Երանի այն մարդուն, որ բազմահազար աստղերուն մէջէն կը յաջողի գտնել ճշգրիտ աստղը եւ չնահանջող հոգիի զօրութեամբ կը հետապնդէ զայն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Նոր կտակարանի մոգերը ինչ կը խորհրդանշեն:
Պատասխան. Նոր կտակարանի մոգերը կը խորհրդանշեն Յիսուսի Աստուածային թագաւորութեան ճանաչումը: Անոնց ճանապարհորդութիւնը հեռաւոր երկիրներէ կ՚արտացոլացնէ այն գաղափարը, որ Քրիստոսի ուղերձը կը գերազանցէ մշակութային եւ աշխարհագրական բոլոր սահմանները: Ոսկիի, կնդրուկի եւ զմուռսի նուէրները, որոնք մոգերը մատուցեցին մանուկ Յիսուսի, ունին խորհրդանշական իմաստ. ոսկին՝ թագաւորութիւնը, խունկը՝ Աստուածութիւնը, իսկ զմուռսը՝ տառապանքն ու մահը: Մոգերու այցը կ՚ընդգծէ Հին կտակարանի մարգարէութիւններու կատարումը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025