ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։

Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ խնամակալները Գումգաբու փութացին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Կեդրոնականի սիրոյ սեղանը այս տարի եւս պիտի համախմբէ համայնքային շրջանակները, ինչպէս նաեւ վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները, որոնց զօրակցութիւնը պիտի ծառայեցուի կայուն հունի մէջ պահել առաքելութիւնը այս պատմական կրթօճախին, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր հետեւողականօրէն կ՚արձանագրէ յաւակնոտ ցուցանիշներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թէ՛ դպրոցի կացութեան եւ թէ ընդհանուր գործունէութեան շուրջ։ Խնամակալները նշեցին, որ կը շարունակեն նիւթական նեղութիւններ դիմագրաւել եւ անոնց երկարաժամկէտ լուծման համար կը ջանան միշտ մշտական արժէքներ ստեղծել։ Խնամակալներու կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ ընդգծելով, որ դժուարին օրերուն միայն միասնականութեան ոգիի պահպանումով կրնան յաղթահարուիլ փորձութիւնները։ Ան գնահատեց խնամակալութեան կողմէ տարուած բազմակողմանի աշխատանքը՝ յղելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2026