ՀԵՔԻԱԹՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱՌՈՅԹԸ

Իրադարձութեան մը տարինե՜ր ետք հեքիաթի վերածումը… Երբ դէպք մը դարձեալ պատմուի, ձեւով մը «սիմիւլասիոն» կը ստեղծուի այդ իրադարձութեան ուրիշներու փոխանցման համար, ինչ որ ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութեան ենթարկուելով կը վերաձեւաւորուի։ Փոխանցումը միշտ նպատակաուղղուած արարք մըն է։ Այս նպատակը կը ձեւաւորուի գաղափարախօսութեան մը շուրջ։ Այս կէտին, որպէս փոխանցման լաւագոյն միջոց՝ հեքիաթները դարեր շարունակ կը կրեն անցեալի մշակութային արժէքներն ու սկզբունքները փոխանցելու գործառոյթը։ Այսինքն՝ հեքիաթները մշակութային արժէքներու եւ կանոններու փոխանցողներն են։ Հեքիաթները՝ պատմուածքի ամենահին ձեւը, բազմաշերտ «կառոյցներ» են, որոնք սերունդէ սերունդ պատմուելով կը ձեւաւորուին ըստ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի ոգիի՝ իրենց պարունակած գաղափարներու եւ գաղափարախօսութիւններու միջոցաւ։

Հեքիաթները օրինաչափութեան համակարգ են եւ գերիշխանութեան գործիք։ Հեքիաթները միեւնոյն ժամանակ կանոններու, ուղղութիւններու, սահմանումներու ստեղծողն են։ Անոնք մանկութեան տարիներուն ձեռք բերուած ընկերային ինքնութեան ամենակարեւոր քայլերն են։ Հեքիաթները ունին արժէքներ, կենսակերպը եւ ընկերային կանոնները բացատրելու յատկանիշը։

Յատկապէս դասական հեքիաթներու մէջ հասարակական կեանքի կանոններն ու «իրական կեանքը» կը փորձուի բացատրել ենթաթեքստերով։ Դրամատիրութեան ի յայտ գալով ստեղծուած են հեքիաթներ, որոնք կ՚ընդգծեն անհատի շահը եւ կը վերասահմանեն ընկերային կառուցուածքի հիմնական բաղադրիչները: Կը փորձուի նաեւ արուեստին ու գրականութեան անիմաստ զբաղում ըլլալը համոզելով մանկութիւնը «կառավարել»։ Շատ իմաստալից է, որ Հանսել եւ Կրեթել եղբայրները տուն կը վերադառնան հեքիաթի վերջաւորութեան՝ յաղթելով կախարդին ու առնելով անոր գանձը եւ այդպէս կ՚ընդունուին։ Որպէս երեխայ, մենք պայմանաւորուած ենք այս բոլորը բնական տեսնելու, երբեմն ալ վախնալ չարութենէ ու պատիժէ: Ուստի, դասական հեքիաթները աւելի արագ դաստիարակչական են՝ քան ուսուցողական։ Դասական հեքիաթները կը դիտարկուին որպէս իրական կեանքէ բաւական կտրուած: Իրականութեան մէջ, երբ մէկը կը խօսի անլուրջ միտքերու մասին, անոր կ՚ըսեն, թէ ինքը կտրուած է «իրական կեանքէն» ու կ՚երազէ։ Հեքիաթները իրական կեանքի մասին «խօսոյթներ» կը ստեղծեն՝ օգտագործելով իրականութենէ կտրուած կերպարներ, վայր եւ ժամանակ:

Հեքիաթները, ինչպէս «սիմիւլասիոն»ները, ունին կառուցուածք մը, որ կը թմրեցնէ գիտակցութիւնը: Մենք չենք զարմանար նախապատմութեան եւ պատճառներու մասին, քանի դեռ հեքիաթը չէ աւարտած: Քանի որ հեքիաթները յաճախ կ՚ունենան երջանիկ աւարտ, անոնք կը պարունակեն այնպիսի յորդորներ՝ ինչպէս «եթէ բարի չըլլաս գէշ կ՚ըլլայ»։ Ընդհակառակը, աշխարհ այնքան ալ երկիմաստ ու ապահով վայր մը չէ։

Սկիզբին երեւակայութեամբ ստեղծուած հեքիաթները կարելի է համարել իրականութենէ փախուստ: Այնուամենայնիւ, հեքիաթը «սիմիւլասիոն»ներով կը վերարտադրէ իրականութիւնը եւ իր կախարդական ներդաշնակութեան ներքեւ կը մատնանշէ անարդարութիւնները, շահագործումը, դասակարգային խտրականութիւնը, բռնի հնազանդութիւնը եւ այլ շատ մը արատաւոր իրավիճակներ: Ան համակարգի մեղքը կը բացատրէ քաւութեան նոխազներ գտնելով։

Այնուամենայնիւ, կան նաեւ հեքիաթներ, որոնք կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ համակարգը կը ձախողի: Նոյն «սիմիւլասիոն»ը կայ նաեւ այստեղ, բայց հաստատուած է պատճառա-հետեւանքային կապ: Ժողովրդական են այն հեքիաթները, որոնք կը պատմեն, թէ հետաքրքրութիւնը աւելի շատ փորձառութիւն եւ գիտելիք կը բերէ, այլ ոչ թէ փորձանք: Սակայն ընկերային ճշմարտութիւններ չպարունակող հեքիաթները «կեանք չունեցան»։

Ոմանք կը խուսափին իրենց երեխաներուն փտած գաղափարախօսութեամբ հեքիաթներ կարդալէ։ Սակայն անոնցմէ ընդհանրապէս մեկուսանալ հնարաւոր չէ։ Այդ իսկ պատճառով, դասական հեքիաթները անտեսելու փոխարէն այլընտրանքներ ստեղծելը անհրաժեշտ է: Մենք պէտք է յիշենք, որ եթէ կարենանք ստեղծել այլ պատմութիւն, ապա կրնանք ստեղծել այլ կեանք մը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024