21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ - ԹՈՒԱՆՇԱՅԻՆ «ԳԱՀԱԿԱԼՆԵՐԸ» ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐՈՅԹՆԵՐԸ
Պատմութեան մեծագոյն թատերաբեմը միշտ ալ եղած է կայսրութիւններու ծնունդի, հզօրացման եւ անկման պատմութիւնը։
Դարեր շարունակ մարդկային քաղաքակրթութիւնը կը չափուէր աշխարհագրական սահմաններու անդադար ընդարձակմամբ եւ ռազմական ուժի բացարձակութեամբ։ Հռոմէական, Օսմանեան, Բրիտանական, Ռուսական եւ միւս կայսրութիւնները իրենց հսկայական տարածքներով, ահարկու բանակներով, ծովային ու ցամաքային առեւտրական լծակներով կը ձեւաւորէին իրենց ժամանակաշրջանի քաղաքական քարտէսը, միլիոնաւոր մարդոց ճակատագիրն ու առօրեան։ Անոնք կը գծէին սահմանագիծեր, կը հաստատէին համընդհանուր օրէնքներ, կը թելադրէին մշակութային կանոններ եւ կը տնօրինէին նուաճուած ժողովուրդներու հարստութիւնը։
Սակայն, պատմութիւնը ունի իր անողոք ու անփոփոխելի օրինաչափութիւնը. ամենահզօր կայսրութիւններն իսկ, որոնք իրենց ժամանակին յաւերժական ու աննուաճելի կը թուէին, ի վերջոյ հասան իրենց մայրամուտին։ Անոնք մէկը միւսին ետեւէն անհետացան աշխարհագրական քարտէսէն եւ անոնց ժառանգութեան վրայ ձեւաւորուեցան այսօրուան ազգային պետութիւնները, միջազգային դաշինքներն ու դիւանագիտական նոր դասաւորումները։
Այսօր այլեւս չկան աւանդական, գաղութատէր կայսրութիւններ, սակայն, արդեօք ատիկա կը նշանակէ՞, թէ «կայսրութիւն» հասկացողութիւնը, որպէս աշխարհակալ ուժ եւ տիրապետութիւն, վերջնականապէս անցեալի գիրկը անցած է։ Ամենեւի՛ն։ Ուժի, ազդեցութեան եւ հնազանդեցման կայսրութիւնները 21-րդ դարուն շարունակուած են բոլորովին նոր, չերեւցող, բայց առաւել քան երբեք իրական ու շօշափելի ձեւաչափերով։
Անշուշտ, կայսրութիւններու անկումը երբեք ալ չի նշանակեր ուժի անհետացում։ Պարզապէս իշխանութեան ձեւն է, որ կը փոխուի։ Եթէ անցեալին ուժը կը մարմնաւորուէր զինուորական համազգեստով, արքայական դրօշներով եւ նուաճուած մայրաքաղաքներով, ապա այսօր անիկա կը թաքնուի անտեսանելի ցանցերու, տուեալներու հոսքերու եւ համացանցային հրահանգաշարերու (ալկորիթմներու) ետին։ Ժամանակակից մարդը հազուադէպ կը զգայ, թէ ինք ենթակայ է վերահսկողութեան, որովհետեւ նոր իշխանութիւնը չի պարտադրուիր ահաբեկումով, այլ՝ յարմարութեամբ, արագութեամբ եւ հաճոյքով։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ 21-րդ դարու կայսրութիւնները աւելի խորունկ եւ աւելի ներթափանցող են, քան պատմութեան մեծագոյն աշխարհակալ ուժերը։
ԹՈՒԱՆՇԱՅԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՆԵՐԸ.
ԱՆՈՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԻՐՈՅԹՆԵՐԸ
Մեր օրերուն, ֆիզիքական սահմաններու, մաքսակէտերու եւ ռազմական բանակներու աւանդական դերը սկսած է լրջօրէն զիջիլ տեղեկատուական, արհեստագիտական ու թուանշային տիրապետութեան։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ արուեստագիտական հսկայ ընկերութիւնները՝ ինչպէս «Կուկըլ»ը, «Մայքրոսոֆթ»ը, «Էփըլ»ը, «Մետա»ն եւ «Ամազոն»ը (որոնց յաճախ կը կոչեն «Big Tech»՝ «Մեծ արհեստագիտութիւն» կամ «Խոշոր հնգեակ»), արդէն իսկ ստանձնած են նորօրեայ աշխարհակալ կայսրութիւններու դերը։
Ասիկա պարզ, պատկերաւոր համեմատութիւն մը չէ, այլ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական նոր իրականութիւն մը, որուն անդրադարձը կը զգանք մեր կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին։ Այդ ընկերութիւններու հնգեակը ժամանակակից աշխարհի տնտեսական եւ քաղաքական ամենաազդեցիկ երեւոյթն է։
Նորօրեայ հսկաներու ուժն ու ազդեցութիւնը կը յենուն անդրդուելի սիւներու վրայ, որոնցմէ մէկը պետական պիւտճէները գերազանցող գանձատրական հզօրութիւնն է։
Այս ընկերութիւններու շուկայական ընդհանուր արժէքն ու տարեկան գանձատրական շրջանառութիւնը վաղուց անցած են տասնեակ միջին չափի զարգացած պետութիւններու համախառն ներքին արդիւնքի սահմանները։ Անհերքելի է, որ «Էփըլ»ի կամ «Մայքրոսոֆթ»ի պիւտճէն կամ դրամագլուխը աւելի մեծ է, քան եւրոպական կամ ասիական բազմաթիւ երկիրներու ամբողջական տնտեսութիւնը։ Անոնք ունին գանձատրական այնպիսի անսահմանափակ հնարաւորութիւններ, որոնցմով կրնան ուղղակիօրէն թելադրել համաշխարհային շուկաներու խաղի կանոնները, ներդրումներ կատարել ռազմավարական ոլորտներու մէջ եւ ազդել առանձին պետութիւններու տնտեսական քաղաքականութեան վրայ։
Թուանշային նորօրեայ կայսրութիւնները ունին նաեւ անսահման հասանելիութիւն եւ համաշխարհային ընդգրկում։
Հին կայսրութիւնները ստիպուած էին տարիներով պատերազմիլ, արիւն թափել եւ հսկայական միջոցներ վատնել նոր տարածքներ նուաճելու, ամրոցներ կառուցելու եւ սահմաններ պահպանելու համար։
Այսօրուան թուանշային կայսրութիւնները սահմաններ չունին. անոնց համար գոյութիւն չունին աշխարհագրական արգելքներ։ Պոլսոյ հայաշատ թաղամասերու, Պէյրութի փողոցներու, Երեւանի կեդրոնի թէ՛ Նիւ Եորքի երկնաքերներու բնակիչը հաւասարապէս, նոյն վայրկեանին կը գտնուի նոյն թուանշային կայսրութեան հովանիին տակ։ Անոնց ծառայութիւններն ու ազդեցութիւնը տարածուած են ամէնուր, ուր կայ համացանց եւ համակարգիչ կամ հեռախօս։ Անոնք նուաճած են աշխարհը՝ առանց մէկ զինուոր իսկ օգտագործելու։
Այս կայսրութիւնները ունին նաեւ մարդկային կեանքի եւ վարքագիծի բացարձակ վերահսկողութիւն։
Ամենէն հետաքրքրական, նուրբ, բայց միաժամանակ մտահոգիչ մանրամասնութիւնը մեր անձնական տուեալներու տիրապետումն է։ Հին աշխարհի բռնապետները կրնային երազել միայն այնպիսի տեղեկատուութեան մասին, զորս այսօր այս ընկերութիւնները կը հաւաքեն կամաւոր կերպով։
«Կուկըլ»ը գիտէ մեր բոլոր հետաքրքրութիւնները, մեր փնտռած հարցումները, մեր վախերն ու գաղտնի տենչերը։
«Ամազոն»ը անդրդուելիօրէն կ՚արձանագրէ մեր գնումներու սովորութիւնները, նիւթական հնարաւորութիւններն ու ճաշակը։
«Էփըլ»ն ու «Մայքրոսոֆթ»ը կը տնօրինեն մեր ամէնօրեայ աշխատանքային կապերը, քայլերը, կենսաչափական տուեալներն ու անձնական նամակագրութիւնները։
«Մետա»ն (Facebook, Instagram, WhatsApp) ունի ամենէն նուրբ ու վտանգաւոր տիրոյթը՝ կը տնօրինէ մեր յուզական կեանքը, ընկերային կապերն ու հաղորդակցութիւնը։ «Մետա»ն գիտէ, թէ մենք ի՛նչ բանով հետաքրքրուած ենք, ո՛ր լուսանկարին վրայ երկար կեցած ենք, ի՛նչ բան մեզ կրնայ բարկացնել կամ ուրախացնել։ Այս հսկան կը կառավարէ մեր տեսողական դաշտը, կը ձեւաւորէ մեր ճաշակն ու նախասիրութիւնները եւ, որ ամենէն սարսափելին է, կրնայ ուղղորդել ամբողջ հասարակութիւններու հոգեբանական տրամադրութիւնները՝ ընտրութիւններու կամ քաղաքական մեծ ցնցումներու ժամանակ։
Այս ահռելի տեղեկութիւններու հաւաքագրումով եւ բարդ բանաձեւերու կիրարկումով բոլոր այս կառոյցներն ալ իրենց կարգին ունին մարդկային վարքագիծը, հասարակական կարծիքը, սպառողական ճաշակը եւ նոյնիսկ մեծ պետութիւններու քաղաքական ընտրութիւններու արդիւնքները ուղղորդելու աննախադէպ ու ահարկու ուժ։
ՀՊԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌԱՆՑ ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՒ
Ամենէն մտահոգիչ երեւոյթը այն է, որ այս նոր տիրապետութիւնը գրեթէ դիմադրութիւն չի յառաջացներ։ Հին կայսրութիւններու դէմ ժողովուրդները ապստամբեցան, որովհետեւ կը տեսնէին բռնութիւնը, հարկերը, կեղեքումը եւ զէնքի սպառնալիքը։ Իսկ այսօր մարդը ինքնակամ կերպով կը յանձնէ իր ժամանակը, ուշադրութիւնը եւ անձնական գաղտնիութիւնը՝ քանի մը վայրկեան հաճոյքի, արագ հաղորդակցութեան կամ թուային ճանաչումի դիմաց։ Նոր հպատակութիւնը սկսած է սիրուիլ իր հպատակներուն կողմէ։
Այս նոր կայսրութիւններու ձեւաւորումով աշխարհը թեւակոխած է զարգացման բոլորովին նոր փուլ մը։ Եթէ անցեալին պետութիւններն ու տիրակալները կը հարստանային ու կը հզօրանային նոր հողատարածքներով, ոսկիի պաշարներով կամ նաւթահորերով, ապա այսօրուան աշխարհին մէջ գերագոյն արժէքը այլեւս հողը կամ նաւթը չէ, այլ մարդկային տեղեկատուութիւնն ու զայն կառավարող հրահանգաշարերը։
Ասիկա բնաւ չի նշանակեր, թէ նիւթական հարստութիւններն ու ռազմավարական հումքը կորսնցուցած են իրենց կենսական նշանակութիւնը. երկրագունդի վրայ աշխարհաքաղաքական ու ռազմական բախումները տակաւին կը մղուին նոյն այդ պաշարներու վերահսկողութեան համար, սակայն, նոր դարաշրջանին նոյնիսկ այդ նիւթական հարստութեան արդիւնաւէտ կառավարումն ու բաշխումը կախեալ դարձած են թուային համակարգերէն։
Աշխարհագրական քարտէսի վրայ աւանդական կայսրութիւններու գոյութեան դադրումը մեզ բնաւ պէտք չէ խաբէ կամ մատնէ անհոգութեան։ Մենք՝ բոլորս կ՚ապրինք նորօրեայ թուանշային տիրակալներու կողմէ սահմանուած համակարգին մէջ, ուր շարքային քաղաքացին միայն պարզ սպառող մը չէ, այլեւ՝ այդ անտեսանելի կայսրութեան հնազանդ ու ամէնօրեայ տուեալներ մատակարարող հպատակը։
Հարցը, որ կը մնայ բաց, յատկապէս վերլուծական ու քաղաքական միտքերու կեդրոններուն մէջ, հետեւեալն է՝ կրնա՞ն արդեօք աւանդական պետութիւնները, իրենց սահմանադրութիւններով ու օրէնքներով, պահպանել իրենց իրական ինքնիշխանութիւնը այս թուանշային աշխարհակալներու ճնշման դիմաց, թէ ապագային աշխարհի կառավարման ղեկը վերջնականապէս ու անդառնալիօրէն պիտի անցնի անոնց ձեռքը, որոնք կը տնօրինեն մեր հեռախօսներն ու մեր կեանքը կլանող պաստառներու կապոյտ լոյսերը։
ՆՈՐՕՐԵԱՅ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՒՂԵՂԸ՝
ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այս ամբողջ համակարգին կեդրոնը այժմ արագօրէն կը բարձրանայ արհեստական բանականութիւնը (կամ՝ արուեստական իմացականութիւն)։ Եթէ նախորդ տասնամեակներուն թուանշային հսկաները հիմնականօրէն կը հաւաքէին տեղեկութիւններ, ապա այսօր անոնք արդէն կը փորձեն կանխատեսել մարդկային վարքը։ Հրահանգաշարերը սկսած են որոշել, թէ ի՛նչ պիտի կարդանք, ի՛նչ պիտի դիտենք, ինչի՛ պիտի հաւատանք եւ որոշ պարագաներու նոյնիսկ ո՛վ պիտի սիրենք կամ մերժենք։ Այսպիսով, մարդը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր ընտրութեան լիակատար ազատութեան պատրանքը, որովհետեւ իր որոշումներուն մեծ մասը արդէն իսկ նախապէս ուղղորդուած է այդ կառոյցներու բանաձեւերու կողմէ։
Արդէն յստակ է, որ եթէ հին կայսրութիւններու օրով հպատակները ֆիզիքապէս ու հարկադրաբար կը զգային տիրակալին լուծը, ապա թուանշային դարուն վերահսկողութիւնը դարձած է անտեսանելի, մեղմ եւ առօրեայի բնական մէկ մասը։ Արուեստագիտական հսկաները չեն կիրարկեր ռազմական բռնութիւն. անոնք կ՚օգտագործեն հոգեբանական նուրբ լծակներ՝ մեր ուղեղի հաճոյքի հորմոնի (տոփամինի) մակարդակը կառավարելով։ Իւրաքանչիւր մարդ ալ գիտէ, որ ամէն անգամ, երբ իր հեռախօսը կը թրթռայ կամ նոր ծանուցում մը կը յայտնուի պաստառին վրայ, կը ծնի հաճոյքի ակնկալութիւն մը։ Հրահանգաշարերը մեզ կը պահեն շարունակական կախեալութեան մէջ, իսկ մեր ուշադրութիւնն ու ներկայութիւնը կամաց-կամաց կը խլուին ընտանեկան սեղաններէն ու իրական հանդիպումներէն։
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԳՈՅԱՄԱՐՏ
Այս նորօրեայ աշխարհակալութիւնը ունի նաեւ լեզուական ու մշակութային համահարթեցման միտում։ Ինչպէս պատմութեան ընթացքին կայսրութիւնները կը պարտադրէին իրենց լեզուն (հռոմէացիները՝ լատիներէնը, բրիտանացիները՝ անգլերէնը եւ այլն), այնպէս ալ այսօր աշխարհի թուանշային տիրակալները կը ստեղծեն համակարգեր, ուր կան «շահաւէտ» լեզուներ եւ երկրորդական մղուած տեղական մշակոյթներ։ Հայերէնի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի նման վտանգուած լեզուներու համար ասիկա կրկնակի մարտահրաւէր է։ Եթէ մեր լեզուական ժառանգութիւնը չթուայնացուի ու չմտնէ այս հսկաներու տուեալներու շտեմարաններուն մէջ, մենք կրնանք ուղղակիօրէն դուրս մնալ ապագայի քաղաքակրթական քարտէսէն։
Միւս կողմէ, ասիկա նաեւ առիթ մըն է, որ նոյն այդ անսահման հարթակները կրնան աշխարհի հայութիւնը կապել մէկ ընդհանուր թուանշային հայրենիքի մէջ եւ այդպէս ալ կարծես պիտի ըլլայ։
Հայ ժողովուրդին համար այս մարտահրաւէրը միայն մշակութային չէ, այլ նաեւ գոյաբանական։ Դարեր շարունակ հայութիւնը վերապրեցաւ իր լեզուով, գիրքով եւ յիշողութեամբ։ Այսօր ալ փոքր ժողովուրդները պիտի ստիպուին պայքարիլ ո՛չ միայն իրենց սահմաններուն, այլեւ՝ իրենց թուանշային գոյութեան համար։ Այս իմաստով, հայերէնի ներկայութիւնը արհեստական բանականութեան, թուանշային գրադարաններու եւ համաշխարհային հարթակներու մէջ արդէն ազգային անվտանգութեան խնդիր մըն է։
ՆՈՅՆԻՍԿ՝ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄ
Այս կայսրութիւններու զարգացման ամենէն ցնցող քայլերը դեռ առջեւն են, քանի որ անոնց յաւակնութիւնները արդէն դուրս կու գան Երկրագունդի սահմաններէն։ Եթէ անցեալին նոր հողերու ու ովկիանոսներու նուաճումը պետութիւններու մենաշնորհն էր, ապա այսօր տիեզերքի գրաւումը, արբանեակային կապն ու դէպի Հրատ մոլորակ թռիչքները կը տնօրինուին մասնաւոր ընկերութիւններու եւ միլիառատէրերու կողմէ։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ առանձին խոշոր ընկերութիւններ կը դառնան աւելի հզօր, քան մեծագոյն պետութիւններու տիեզերական ու ռազմավարական գործակալութիւնները։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մարդկութեան ապագան ու գիտական յառաջխաղացը կախում պիտի ունենան ո՛չ թէ ընտրովի կառավարութիւններէ, այլ քանի մը տնօրէններու որոշումներէն։
Նորօրեայ տիրակալները յաջողած են հոն, ուր ձախողած էին հին բռնապետները. անոնք գրաւած են մեր ներաշխարհը, մեր լեզուական տարածքն ու ապագայի տիեզերական ճամբաները՝ զանոնք վերածելով աշխարհակալ ուժի։
Գուցէ պատմութիւնը դարձեալ նոյն հարցումը կը դնէ մարդկութեան առջեւ՝ միայն տարբեր ձեւով. ո՞վ պիտի տիրէ աշխարհի ապագային՝ ընտրուած ժողովուրդնե՞րը, թէ անտեսանելի համակարգերը։ Որովհետեւ երբ իշխանութիւնը կը կեդրոնանայ այն ուժերուն ձեռքը, որոնք չեն ընտրուիր, չեն վերահսկուիր եւ պատասխանատու եւ հաշուետու չեն հասարակութիւններուն առջեւ, այն ատեն ժողովրդավարութիւնը կամաց-կամաց կը վերածուի արտաքին պատրանքի։
Եւ թերեւս ապագայի պատմաբանները 21-րդ դարը պիտի չյիշեն իբրեւ միայն տեղեկատուական յեղափոխութեան ժամանակաշրջան, այլ՝ մարդկութեան կամաւոր հպատակութեան նոր դար։
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ
ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Այսօր, երբ աշխարհի զանազան անկիւններէ մարդիկ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, առեւտուրի ընթացքին կամ համացանցի վրայ ակամայ կը դիմեն անգլերէնին, յաճախ կը մոռնանք, որ այս լեզուական գերիշխանութիւնը բնաւ պատահականութիւն կամ լեզուի դիւրութեան արդիւնք չէ։ Անգլերէնի համաշխարհային տարածումը ունի յստակ ու խոր արմատներ, որոնք կը տանին դէպի մարդկութեան պատմութեան ամենաընդարձակ, ահարկու եւ ազդեցիկ քաղաքական միաւորը՝ Բրիտանական կայսրութիւնը։ Ասիկա այն աշխարհակալ ուժն էր, որուն ծաւալներն ու ընդգրկուածութիւնը այնքան ահռելի էին, որ ծնունդ տուին պատմական յայտնի արտայայտութեան, որ ասիկա կայսրութիւն մըն է, ուր արեւը երբեք մայր չի մտներ․ երկրագունդի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուէր բրիտանական տիրապետութեան տակ, աշխարհագրական լայն ընդգրկման շնորհիւ հոն միշտ ցերեկ էր։
Բրիտանական հզօրութիւնը իր բացարձակ գագաթնակէտին հասաւ Առաջին աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք՝ 1920-ական թուականներուն, յատկապէս 1921-ին, երբ կայսրութեան տարածքը կը հասնէր շուրջ 35.5 միլիոն քառակուսի քիլօմեթրի, որ կազմով ու կախեալ երկիրներու հաշուարկով երբեմն կը գերազանցէր 42 միլիոնը։ Ասիկա մեր մոլորակի ամբողջ ցամաքային տարածքի գրեթէ մէկ քառորդն էր, իսկ բրիտանական թագին կ՚ենթարկուէր աւելի քան 458 միլիոն մարդ, որ այն ժամանակ երկրագունդի ընդհանուր բնակչութեան դարձեալ մէկ քառորդն էր։
Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, թէեւ Բրիտանիան յաղթողներու շարքին էր, սակայն, տնտեսապէս լիովին սնանկացած էր եւ այլեւս չունէր ֆինանսական ու ռազմական այն կարողութիւնը, որով կրնար հնազանդութեան մէջ պահել միլիոնաւոր դժգոհ ժողովուրդներ։ 1947-ին Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի անկախացումով սկսաւ շղթայական փլուզումը եւ 1950-60-ական թուականներուն ափրիկեան ու ասիական գաղութները մէկը միւսին ետեւէն թօթափեցին լուծը, իսկ կայսրութեան խորհրդանշական վերջնական աւարտը եղաւ 1997 թուականին, երբ Մեծ Բրիտանիան Հոնք Քոնքի վերահսկողութիւնը պաշտօնապէս փոխանցեց Չինաստանին։
Այսուհանդերձ, Բրիտանական կայսրութիւնը ֆիզիքապէս տեղի տալով հանդերձ ձգեց ժառանգութիւն մը, որ այսօր կը կառավարէ աշխարհը. այդ մէկը անգլերէն լեզուն է։ Դարեր շարունակ պարտադրուած վարչական, կրթական եւ առեւտրային լեզուն այնքան խոր արմատներ ձգեց, որ գաղութատիրութեան անկումէն ետք ալ մնաց իբրեւ համաշխարհային հաղորդակցութեան միակ գլխաւոր գործիքը։
Անգլերէնի՝ իբրեւ համաշխարհային գլխաւոր հաղորդակցութեան լեզուի վերածուելու ընթացքը սերտօրէն կապուած է նոյնինքն՝ Բրիտանական կայսրութեան աշխարհագրական ու տնտեսական ծաւալման հետ։ Մինչեւ 16-րդ դարը անգլերէնը պարզապէս կղզիաբնակ ժողովուրդի մը տեղական լեզուն էր, որով կը խօսէին միայն քանի մը միլիոն մարդիկ, անիկա իր ազդեցութեամբ զգալիօրէն կը զիջէր լատիներէնին, ֆրանսերէնին կամ սպաներէնին։ Սակայն, երբ բրիտանական նաւերը սկսան նուաճել ովկիանոսներն ու հեռաւոր ցամաքամասերը, անգլերէնը դարձաւ առեւտուրի, օրէնքի եւ վարչարարութեան պարտադիր գործիք Հնդկաստանի մէջ, Ափրիկէի տարածքներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Կայսրութիւնը ստեղծեց կրթական ու պետական այնպիսի համակարգ մը, ուր յառաջդիմելու եւ իշխանական կառոյցներուն մօտենալու միակ միջոցը անգլերէնին տիրապետելն էր։
Երբ 20-րդ դարուն Բրիտանական կայսրութիւնը սկսաւ փլուզուիլ, անգլերէնը արդէն ձգած էր իր անդառնալի ազդեցութիւնը։ Աւելի՛ն՝ համաշխարհային առաջնորդութեան եւ ազդեցութեան դրօշակը անմիջապէս անցաւ ԱՄՆ-ին, որ իր տնտեսական, գիտական ու ռազմական հզօրութեամբ, իսկ աւելի ուշ՝ Հոլիվուտի, փոփ մշակոյթի եւ համացանցի միջոցով վերջնականապէս ամրապնդեց անգլերէնի բացարձակ գերիշխանութիւնը աշխարհի վրայ։ Այսպիսով, լեզուն վերածուեցաւ իշխանութեան տարածման ամենահզօր անտեսանելի զէնքին, որ այսօր ալ կը շարունակէ իր յաղթարշաւը արդէն թուանշային տիրոյթին մէջ։ Ահա, թէ ինչու 21-րդ դարու նոր կայսրութիւնները ո՛չ միայն տարածքներու, այլ նաեւ մարդկային գիտակցութեան, յիշողութեան ու լեզուական ապագային համար մղուող պայքարի կեդրոնին կը գտնուին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան