Արխիւ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդիկ, ընտանիքներ, երբ կը ներգաղթեն իրենց համար բոլորովին անծանօթ երկիր մը, որուն ո՛չ մշակոյթին, ո՛չ լեզուին եւ ոչ ալ օրէնքներուն ծանօթ են, բնականաբար բաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այսպիսի պարագաներու, օգնութիւնը աւելի ուշ կու գայ ընտանիքներու երեխաներէն, որոնք աւելի շուտ կը համարկուին նոր միջավայրին եւ աւելի արագ կը սորվին լեզուն:
Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման ուղղեալ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս առաւօտ Եփրատի արեւելքին ձեռնարկեցին առաջին հերթապահութեան։ Բանակի «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացուի այս հերթապահութիւնը, որու հիման վրայ յայտնի պիտի դառնայ Ռուսաստանի կողմէ տրուած երաշխիքներուն արդիւնքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ օրերուն Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան, իր տիկնոջ՝ Վլասիա Փաւլոփուլոսի հետ։
Kalan կը պատրաստուի թողարկել Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարի առաջին սկաւառակը:
Համակրելի մեներգչուհին ուրոյն ոճով կը մեկնաբանէ եկեղեցական երաժտշութեան նմոյշներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պերլինէն մեկնած այս խումբը կը գլխաւորէին վերապատուելի Անտրէաս Կիւթսէ եւ Փրոֆ. Աուն Իմփոֆի։
ԵՐԱՄ
Լոյսը չբացուած, Գաւառի իրենց տան կողքի հաւնոցէն հինգ հատ ձու բերելու ելաւ տատիկը, ինչպէս ամէն շաբաթ եւ կիրակի։
Օդերը փոխուեր էին արդէն, դուռը բանալուն պէս՝ պաղը, Սեւանայ լիճէն եկած իր թացով, հպաւ ձեռքերուն, դէմքին, մտաւ ռունգերէն ներս։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հաղարծինի վանական համալիրին բակը տեսած էի զայն, սեւ, կղերականի զգեստով, փայտեայ խաչը վիզէն կախած, հողաթափ մը ոտքին, ձեռքին ծածանող Լիբանանի դրօշը, կանգնած էր մի քանի երկսեռ մարդոցմով շրջապատուած: Դրօշը հարազատութիւն մը արթնցուց այդ պահուն մէջս, մօտեցայ կողքի կիներէն մէկուն եւ իմացայ անունը կղերականին միայն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր, ընդհանրապէս մարդկութիւնը «հոգեւոր արթնութեան» մը կը կարօտի, հակառակ որ քաղաքակրթութեան անարգել յառաջդիմութեան շնորհիւ շատ բաներ ունի։ Այսօր մարդկութիւնը պահանջքը ունի հոգեւոր արթնութեան, քանի որ հետզհետէ կ՚անտեսուի հոգեւորը, բարոյական արժէքները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Քանի մը օր առաջ երկու վարչապետները արդէն հանդիպած էին Մոսկուայի մէջ։
Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը պանծացուց Մեծն Կոմիտասի յոբելեանը:
Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ երդիքին տակ համախմբուած երաժշտասէրները վայելեցին փայլուն երաժշտահանդէս մը:
Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ յառաջիկայ շրջանին տեղի պիտի ունենան Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովներ:
Անգարա եւ Թիֆլիզ լաւագոյնս կ՚արժեւորեն հարեւան ըլլալու ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւնները, նաեւ պատմական կապերն ու հասարակաց արժէքները:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց «Memleket Meselesi» անուն գիրք մը, որու հեղինակն է յայտնի գրող Մկրտիչ Մարկոսեան։ Այս գիրքը կը բովանդակէ՝ քրտական հարցի վրայ հեղինակի գրութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ։ Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն։ Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը։ Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց» (ՂՈՒԿ. Դ 38-39)։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երազիս մէջ մեր փողոցն էի…
Երկինքն կապոյտ էր ու խաղաղ, ինչպէս մարդոց հոգիները։ Կը դեգերէի մանկութեանս լայնարձակ, քարքարուտ ու խորտուբորտ ճամբաներուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հոկտեմբեր ամսուն կը համընկնին Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան (նոր տոմարով 8 հոկտեմբերին) եւ մահուան օրերը: Կոմիտաս մահացաւ 22 հոկտեմբեր (որոշ տուեալներով՝ 20 հոկտեմբեր) 1935 թուականին՝ Փարիզի Վիլժուիֆ հոգեբուժարանին մէջ, ուր փոխադրուած էր 1922 թուականին, որմէ առաջ խնամուած էր նախ Պոլսոյ, ապա՝ Ֆրանսայի ուրիշ հաստատութիւններու մէջ:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Գոյութիւն ունի՞ն մեր պահապան հրեշտակները։
Պատասխան. Այո՛, գոյութիւն ունին անոնք, եւ կարգուած են մեզ պահպանելու համար։
Մարտունիի մէջ, Մարտունի շրջանային վարչակազմի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է նուռի փառատօն: Այս փառատօնը երրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացուի՝ տարուէ-տարի ներգրաւելով նոր մասնակիցներ:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, թերթիս համակիր ու բարեկամ Հրայր Ճէպէճեանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 112-րդ հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ երէկ ստացանք շնորհաւորական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 36-րդ նստաշրջանի նախարարական համաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի մէջ։ Ժողովի մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։